image
Հրատապ լուրեր:

Արա Կիւլէրի Աճիւնը Տեղափոխուած Է Պոլսոյ Սուրբ Երրորդութիւն Հայկական Եկեղեցի (տեսանիւթ)

Արա Կիւլէրի Աճիւնը Տեղափոխուած Է Պոլսոյ Սուրբ Երրորդութիւն Հայկական Եկեղեցի (տեսանիւթ)

17 Հոկտեմբերի երեկոյեան Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի աճիւնը դիահերձարանէն տեղափոխուած է Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող  Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցի:

Թրքական լրատուամիջոցներու տեսախցիկները նկարած են տեղափոխութիւնը եւ հրապարակած տեսագրութիւնը:

Կիւլէրի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան օրուան ու ժամին վերաբերեալ մանրամասներ դեռ չեն հաղորդուիր:


 

Արա Կիւլէրը ծնած է 1928թ. օգոստոս 16-ին  Պէյողլու շրջանին մէջ բնակող հայկական ընտանիքի մէջ: Իսկական անունն է Արամ Կիւլէրեան: Անոր հայրը Տաճատ Կիւլէրանն է, իսկ մայրը` Վերժինէ Կիւլէրեան: Կիւլէրը դպրոցական տարիներուն աշխատած է Թուրքիոյ ֆիլմի արուեստանոցներու մէջ եւ զուգահեռ յաճախած թատերական դասընթացներու: 1950թ-էն սկսած է աշխատիլ «Նոր Սթամպուլ» թերթին մէջ` զուգահեռ սորվելով Պոլսոյ համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին մէջ:

1958թ. դարձած է ամերիկեան «Time life», «Paris-Match» եւ «Der Stern» հանդէսներու թղթակիցը: 1961թ. վերջացնելով զինուորական ծառայութիւնը թրքական բանակին մէջ` ան աշխատանքի  անցած է «Hayat» թերթին մէջ` գլխաւորելով լուսանկարչական բաժինը:

1960-ականներէն անոր լուսանկարները զարդարած են անուանի գրողներու գիրքեր եւ ցուցադրուած աշխարհի տարբեր ցուցահանդէսներու մէջ:

Արա Կիւլէրին կը կոչէին «Սթամպուլի աչք», «Լաւագոյն ֆոտոպատմաբան» մականուններով: «Դարի լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսակիր Կիւլերը լուսանկարած է այնպիսի աշխարհահռչակ մեծերու, ինչպիսիք են Պերթրան Ռասելը, Ուինսթըն Չերչիլը, Մարք Շագալը, Ալֆրետ Հիչքոքը, Թենեսի Ուիլեամսը, Փապլօ Փիքասոն, Սալուատոր Տալին, Վիլեամ Սարոյեանը, Սերգէյ Փարաջանովը եւ այլք: Անոր լուսանկարչական աշխատանքները կը գտնուին աշխարհի շարք մը թանգարաններու, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածուներու մէջ:

Վերջրերս Կիւլերի 90-ամեակին առթիւ Պոլսոյ մէջ բացուած էր մեծանուն արուեստագէտի թանգարանը:

 

Աղբիւր`    Ermenihaber.am