image

Ապպաս Արաքճիի Արտաքին Գործոց նախարար դառնալը արդէն ստոյգ է 


Ապպաս Արաքճիի Արտաքին Գործոց նախարար դառնալը   արդէն ստոյգ է   


Իրանի խորհրդարանը հաստատած է Ապպաս Արաքճիի թեկնածութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի պաշտօնին։

Խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովը հաստատած է կառավարութեան կողմէ առաջարկուած Ապպաս Արաքճիի թեկնածութիւնը երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին:

Արաքճին եղած է նախկին փոխնախարար եւ նշանակալի դեր ունեցած է 2015 թուականին միջուկային գործարքի կնքման գործին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Արաքճիի թեկնածութիւնն առաջադրած էր Իրանի նոր նախագահ Մահմուտ Պեզեշքիան: