«Արեւելք»ի հաւատարիմ ընթերցողներէն՝ Տիար Գէորգ Տաղլեան օրերս անհանգստութիւն մը անցուցած է։
Մեր բարեկամը, ըլլալով աշխատակիցը Լիբանանի «Յունաց հիւանդանոց»ին, արագօրէն ենթարկուած է պիտանի քննութիւններու եւ ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը՝ անշուշտ գտնուելով բժիշկներու խնամքին տակ։
Լիարժէք ապաքինում եւ ամբողջական առողջութիւն կը մաղթենք մեր հայրենակիցին՝ յոյս ունենալով, որ ան շուտով կը վերադառնայ իր աշխոյժ գործունէութեան։
Յիշեցնենք, որ ՍԴՀԿ Լիբանանի «Տխրունի ուսանողական միութեան» անդամներէն հանդիսացող Գէորգ Տաղլեան նուիրեալ Հնչակեան է եւ ծաւալած է բազմաբնոյթ գործունէութիւն։
Ունենալով ազգային դաստիարկութիւն Տաղլեան նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալ է, մշտական ներկայութիւն է Պէյրութի եկեղեցական կեանքէն ներս։