Օրեր առաջ նշուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ համար արժէքաւոր սուրբերէն՝ Յովհաննու Կարապետի անուանակոչութեան օրը։
Այդ առթիւ ալ շատեր բարեմաղթանքներ յղեցին իրենց բոլոր հարազատներուն ու սիրելիներուն, որոնք կը կրեն Յովհաննէս, Յովիկ, Յովան, Կարօ, Կարապետ կամ Կարպիս անուններով։
Այդ առթիւ «Արեւելք»ի հետեւորդներէն ՝ Տիկին Սիլվա Իսկիկեան-Մահսերեճեան սրտառուչ տողեր շարադրած է իր ամուսնոյն՝ Պէյրութահայ յարգուած բժիշկ Տօքթ. Կարօ Մահսերէճեանի յիշատակին։
Ստորեւ այդ գրառումը, անշուշտ յիշեցնելով մեր հետեւորդներուն, որ արդարներուն յիշատակը միշտ օրհնութեամբ եղած է։Յիշատակութեան արժանի անուն մը՝ Յովհաննու Կարապետի տօնին:
Անունը ի՞նչ է, եթէ ոչ անհատը բնորոշող, զանազանող, իւրայատուկ ճանաչում պարգեւող բառ մը։ Բառ մը, որ ծնած վարկեանէդ կը հագցնեն քեզի եւ ամբողջ կեանքիդ տեւողութեան կը շալկես զայն ամենայն սիրով եւ յօժարութեամբ, ինչպէս մարմնիդ մէկ անբաժան անդամը:
Անունդ կը նմանի պարապ մատեանի մը, որուն ամէն մէկ էջին մէջ կ՛արձանագրուի կեանքէդ դէպք մը, իրագործում մը, սխալ մը, նուաճում մը, պարտութիւն մը, բարեգործութիւն մը...: Դժբախտաբար թէ՞ բարեբախտաբար, դուն չես իմանար մատեանին տարողութիւնը, թերթիկներուն թիւը, ծաւալը...եւ յանկարծ անխուսափելի ու ճակատագրային բեկումով մը «վերջաբան» մը կը պարտադրուի լայնածաւալ մատեանիդ, ինչպէս որ անոր սկիզբին կար նախախնամութեան տեղադրած «ներածական»ը:
Հետեւաբար այդ մատեանը քեզի պատկանելէ կը դադրի եւ կը դառնայ սեփականութիւնը հանրութեան, որ իր արդար ակնոցով կը կարդայ ու կ՚արժեւորէ անոր բովանդակութիւնը...:
Այսօր Յովհաննու Կարապետի տօնն է։
Անունովդ եւ գործերովդ, անմահ ես սիրելի կողակիցս՝ Տօքթ. Կարօ Մահսերեճեան։ Քեզի շնորհուած երկրային օրերուդ ընթացքին ամբողջացուցիր օրինակելի եւ բովանդակալից մատեան մը, որ կը պարփակէ ծառայութեան, նուիրումի, անձնազոհութեան ու անսակարկ սիրոյ վկայութիւններ: Բացակայութիւնդ անդարմանելի վէրք մըն է սիրելի ընտանիքիդ ու հոգածութիւնդ վայելած հանրութեան համար:
Քեզ ճանչցողները կը հաստատեն, որ ապրեցար կեանք մը նուիրական առաքելութեամբ, որուն արձագանգն է՝ բազում օրհնանք եւ պատուաբեր հաշուեյարդար: