 
                    Անձը նպատակ չէ. անձը միջոց է: Վա՛յ այն կազմակերպութեան, վա՛յ այն համայնքին, վա՛յ այն պետութեան կամ կառոյցին, որ կը գործէ ու կը ծառայէ անձի համար: Ինչպէս ըսի, անձը միջոց է, բայց վա՛յ մեզի, երբ ան նպատակ դառնայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ ա՛յս ոգիով, ա՛յս տեսլականով, ա՛յս յանձնառութեամբ կազմաւորուեցանք ու կը կազմաւորենք սերունդներ: Ահաւասիկ, ձեր շուրջը կը տեսնէք միաբան հայրեր՝ սրբազաններ ու հայր սուրբեր: Մեր հոգեւորականները անթիլիասակա՛ն ոգիով կազմաւորուեցան: Աթիլիասական ոգին ուրիշ բան չի՛ կրնար ըլլալ, եթէ ոչ ծառայել Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին ու Հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներուն: Անցնող 30 տարիները այս բոլորով իմաստաւորուեցան ու արժեւորուեցան՝ իմ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ: Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դո՛ւք էք, եւ մեր հոգեւորականները, ինձմէ սկսեալ, ձեր հոգեւոր ծառայութեան նուիրուած սպասաւորներ են՝ Քրիստոսի օրինակով: Մենք կը գործենք ու կը ծառայենք Աստուծոյ փառքին համար, մեր ժողովուրդին ու ազգին ծառայութեան նուիրուած: Մեր փառքն ու պատիւը դո՛ւք էք, եւ մենք այդ փառքն ու պատիւը կը փորձենք արժեւորել ու իմաստաւորել ծառայութեամբ:
Գանատայի հայաշատ Թորոնթո քաղաքին մէջ ի պատիւ իրեն եղած պաշտօնական ընթրիքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնաւորապէս շեշտած է, թէ «Անթիլիասական ոգին ծառայել է Աստուծոյ, Ազգին եւ Հայրենիքին»։
Վեհափառը դէպի Գանատա տուած հովուական այցի այս կանգառին մասին իմացանք «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2025-ին, Մոնթրէալէն Թորոնթօ ժամանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իրեն ընկերացող շքախումբին հետ, եւ իր իջեւանելիք պանդոկի մուտքին դիմաւորուեցաւ Թորոնթոյի հայ համայնքի կեանքէն ներս գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Բարի գալուստի խօսքով ներկաներուն սիրտի թարգմանը հանդիսացաւ առաջնորդ սրբազան հայրը՝ ըսելով. «Թորոնթոյի մեծ ընտանիքը այսօր պատիւը ունի հիւրընկալելու Ձեզ` Վեհափառ Տէր։ Ինչպէս Մեծն Մոնթրէալի մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները հոգեւոր աննախադէպ խանդավառութեամբ նշեցին Ձերդ Սրբութեան գահակալութեան 30 ամեակը, նոյն ոգիով ու պատրաստութեամբ Թորոնրոյի հայ համայնքը եկած է հոս՝ տեսնելու ու լսելու Ձեզ, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով ու առաւել նուիրումով շարունակէ իր համայնքային կեանքը»։
Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն։
Ապա անոնք ուղղուեցան Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ ի պատիւ Նորին Սրբութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեան: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք միայն Վեհափառ Հայրապետին անցնող երեսուն տարիներու ծառայութիւնը չենք դիտեր, այլ անոնց անանց ներկայութիւնը կը շեշտենք այսօր եւ ապագայ մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ Արամ Վեհափառին ոգեղէն տեսիլքը հիւսուեցաւ շատերուս հաւատքին, միտքին ու գործին։ Իր շունչով սերունդներ թրծուեցան, նկարագիրներ կռանուեցան, համոզումներ կռփուեցան, եկեղեցին նոր տեսիլք ու հոգեւոր շունչ առաւ, նոր զարթօնք ապրեցաւ, նոր ու միջազգային բեմբերու վրայ բարձրացաւ, հայ գիրն ու դպրութիւնը ծաղկեցաւ եւ ազգային պահանջատիրութեան ու արդարութեան ձայնը եղաւ աւելի հնչեղ ու ներդաշնակ»։ Հայր սուրբը իր խօսքը ուղղելով Նորին Սրբութեան՝ ընդգծեց. «Այսօր կը խոնարհինք Ձեր բազում շնորհքներուն եւ տարած բազմակողմանի առաքելութեան դիմաց, որ ծառայեցուցիք մեր տարասփիւռ ժողովուրդին գոյերթը իր լուսապայծառ թիրախին առաջնորդելու։ Եթէ Սուրբ Մեսրոպ լեզու տուաւ մեր հաւատքին, Դուք հոգի տուիք մեր հաւատքին։ Յաջողեցաք հաւատքը դարձնել պատասխան ժամանակակից մարդու հարցերուն, եւ եկեղեցական ծառայութիւնը՝ ապրուած վկայութիւն։ Մեսրոպով հայացած Աստուածը, Ձեզմով նորէն խօսեցաւ մեր ժողովուրդի սիրտին, մեր երիտասարդութեան հոգիին եւ մեր հաւատքի նոր արշալոյսին մասին. խօսեցաւ՝ իր եկեղեցւոյ տալով տեսիլք, միտք եւ խօսք։
«Յանուն այստեղ համախմբուածներուն,
Վեհափառ Տէր, աղօթափուխ կը մաղթեմ
Երթը Ձեր շարունակուի անվեհեր,
Միշտ դէպի լոյսը Ձեր ուխտին.
Ու ցորենի կանաչ արտին մէջ՝
Իբրեւ առւոյդ ծաղիկը կապոյտ՝
Գաղջ արեւին տակ խնդաք միշտ
Իսկ Ձեր հոգին խմէ գինին՝ կեանքի ու լոյսի
Որպէսզի ոսկեղէն ճաճանչներով բոյներ հիւսէք նոր
Ձեր հաւատքի պարտէզին»:
Հայր Գարեգինին խօսքէն ետք, յանուն Գանատայի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան, խօսք առաւ ատենապետ Ծովիկ Թէրզեան։ Ան ըսաւ. «Երեսուն տարիներ առաջ, երբ Ձերդ Սրբութիւնը բարձրացաւ մեր Սուրբ Աթոռի գահին, եկեղեցւոյ ու ազգին առջեւ նոր ժամանակաշրջան մը բացուեցաւ: Ձեր ղեկավարութեամբ, մեր եկեղեցին եղաւ ո՛չ միայն աղօթքի տուն, այլեւ հաւատքի, ազգային ինքնութեան ու համախմբումի վայր:
«Այսօր մեր Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ բացառիկ առիթ մը, կը բանայ էջ մը իր նորագոյն պատմութեան մէջ. երեսնամեակը Նորին Սրբութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գահակալութեան:
«Որպէս Գանատայի Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ, այսօր պարտք կը համարեմ մեր խորին երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ձերդ Սրբութեան։ Երախտագիտութիւն` Ձեր անսակարկ ծառայութեան, Ձեր հայրական սիրոյն եւ Ձեր հոգեւոր առաջնորդութեան: Շնորհիւ Ձեր քաջալերանքին, մեր հաւաքական աշխատանքը առաւել պտղաբեր կը դառնայ, մեր համայնքները` աւելի կազմակերպ, իսկ մեր երիտասարդութիւնը՝ աւելի կապուած իր արմատներուն:
«Երեսուն տարիներու ընթացքին բազում բարդութիւններ ու մարտահրաւէրներ առկայ եղան Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեջ: Բայց Ձեր օրինակով սորվեցանք, թէ հաւատքով ու միասնակամութեամբ կարելի է յաղթահարել ամէն խոչընդոտ:
«Այսօր մեր սրտերը լեցուն են գոհունակութեամբ ու ուրախութեամբ: Մեր աղօթքն է, որ Աստուած Ձեզի առողջութիւն պարգեւէ, նորանոր ձեռքբերումներ եւ բեղմնաւոր տարիներ՝ հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի ծառայութեան մէջ։
«Թող Աստուած զօրացնէ Ձեզ, եւ ձեր գահակալութեան գալիք տարիները ըլլան խաղաղութեան, ստեղծագործութեան եւ համախմբման տարիներ:
«Շնորհաւոր 30 ամեակ:
«Աստուած օգնական, Վեհափառ Տէր»։
Արիս Պապիկեան` Օնթարիոյ նահանգի երեսփոխանը, ընթերցեց նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի նամակը, ուր ան իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Նորին Սրբութեան Օնթարիոյ այցելութեան առիթով։ Ան անդրադառնալով աշխարհին դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ յիշեց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած կեդրոնական դերը միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց աշխուժացման եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան խորացման մէջ։
Օնթարիոյի մօտ Լիբանանի պատւոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան, Լիբանանի պետութեան ու կառավարութեան յատուկ շնորհաւորանքը յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ գահակալութեան 30-ամեակին առիթով։
Ընթրիքի աւարտին իր հայրապետական խօսքը ուղղեց Նորին Սուրբ Սրբութիւնը։ Ան Անթիլիասի եւ անթիլիասական Միաբանութեան ծառայական առաքելութեան վրայ լոյս սփռելով՝ ըսաւ. «Անցնող 30 տարիները սովորական տարիներ չեղան Մեր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան առաքելութեան մէջ։ 30 տարիներ` հաւատքի ու յոյսի, կամքի ու տեսիլքի. 30 տարիներ` տագնապի ու պատերազմի, աշխատանքի ու իրագործումի տարիներ։ Եթէ Մեր 30 տարիներու առաքելութիւնը փորձենք մէկ բառի մէջ խտացնել, այդ բառը ծառայութիւն բառն է։ Առանց ծառայութեան անիմաստ կը դառնային այս 30 տարիները: Ծառայութի՛ւնը եղած է իմ կեանքիս իմաստ, նկարագիր, խորք, բովանդակութիւն, ուղղութիւն ու նպատակ տուողը: 30 տարիները ես ապրեցայ Անթիլիասով ու Անթիլիասի համար՝ մեր Սուրբ Աթոռին համար: 30 տարիներու իմ կեանքս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքն է: Հոգեւորականին կեանքը անձնակեդրոն, ինքնակեդրոն, ինքնանպատակ կեանք չի՛ կրնար ըլլալ: Մենք կ՚ապրինք, կը գործենք, կը ծառայենք նուիրական նպատակի մը համար: Անձը նպատակ չէ. անձը միջոց է: Վա՛յ այն կազմակերպութեան, վա՛յ այն համայնքին, վա՛յ այն պետութեան կամ կառոյցին, որ կը գործէ ու կը ծառայէ անձի համար: Ինչպէս ըսի, անձը միջոց է, բայց վա՛յ մեզի, երբ ան նպատակ դառնայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ ա՛յս ոգիով, ա՛յս տեսլականով, ա՛յս յանձնառութեամբ կազմաւորուեցանք ու կը կազմաւորենք սերունդներ: Ահաւասիկ, ձեր շուրջը կը տեսնէք միաբան հայրեր՝ սրբազաններ ու հայր սուրբեր: Մեր հոգեւորականները անթիլիասակա՛ն ոգիով կազմաւորուեցան: Աթիլիասական ոգին ուրիշ բան չի՛ կրնար ըլլալ, եթէ ոչ ծառայել Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ազգին ու Հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներուն: Անցնող 30 տարիները այս բոլորով իմաստաւորուեցան ու արժեւորուեցան՝ իմ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ: Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դո՛ւք էք, եւ մեր հոգեւորականները, ինձմէ սկսեալ, ձեր հոգեւոր ծառայութեան նուիրուած սպասաւորներ են՝ Քրիստոսի օրինակով: Մենք կը գործենք ու կը ծառայենք Աստուծոյ փառքին համար, մեր ժողովուրդին ու ազգին ծառայութեան նուիրուած: Մեր փառքն ու պատիւը դո՛ւք էք, եւ մենք այդ փառքն ու պատիւը կը փորձենք արժեւորել ու իմաստաւորել ծառայութեամբ: Հետեւաբար, այսօր եկաք ու վաղը Սուրբ Պատարագին պիտի մասնակցիք ո՛չ թէ զիս յարգելու համար, այլ 30 տարիներու ծառայական առաքելութիւնը յարգելու համար: Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղաւ, է եւ միշտ պիտի ըլլայ հաւատքով կռանուած, կամքով թրծուած եւ տեսլականով շաղախուած ծառայութիւն. ծառայութիւն՝ Աստուծոյ, ծառայութիւն՝ մեր ազգին, ծառայութիւն՝ մեր Հայրենիքին»։




