ՀՀ ընդհանուր դատախազ ընտրուած Աննա Վարդապետեանն այսօր Ազգային Ժողովի նիստին պաշտօնը ստանձնելու երդում տուած է։
Նշենք, որ Վարդապետեան ՀՀ պատմութեան ողջ ընթացքին առաջին կին ընդհանուր դատախազն է։
Մինչ այդ ան կը զբաղցնէր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի օգնականի պաշտօնը։
Վարդապետեան նոր պաշտօնին Ազգային Ժողովի կողմէ ընտրուած է 29 յունիսի 2022-ին միաձայն` 70 «կողմ» ձայնով։
Աննա Վարդապետեանը 36 տարեկան է։ 2019-ին եղած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ, 2020 թուականի մարտին նշանակուած է ՀՀ վարչապետի օգնական։
Յիշեցնենք՝ գործող ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կը լրանայ է 2022-ի սեպտեմբերին։ Օրէնքով ան վերընտրուելու իրաւունք այլեւս չունէր։