Դեկտեմբեր 2-ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած է վարչապետի պաշտօնէն Անկելա Մերքելի հրաժեշտի հանդիսաւոր արարողութիւնը: Միջոցառումը, աւանդոյթին համաձայն, տեղի ունեցած է Պերլինի մէջ, Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքի բակին մէջ:
«Քովիտ»ի սահմանափակումներուն պատճառով միջոցառման ներկայ եղած է շուրջ 200 մարդ, որոնցմէ 52-ը նախարարներ եղած են Մերքելի գլխաւորած կառավարութիւններու մէջ:
«Երեկոյեան վերջալոյս» արարողութեան ընթացքին վարչապետը հանդէս եկած է համառօտ խօսքով, իր յաջորդին մաղթելով յաջողութիւն, իսկ մնացած բոլորին՝ աշխատիլ «ուրախութիւնը իրենց սրտին մէջ»: Ապա տեղի ունեցած է գեղարուեստական յայտագիր:



Մերքել վարչապետի պաշտօնէն պաշտօնապէս կը հեռանայ Դեկտեմբեր 8-ին: Նոյն օրը Պունտեսթակի մէջ պէտք է կատարուի քուէարկութիւն, որու ընթացքին պիտի ընտրուի Գերմանիոյ նոր վարչապետը:
Անկելա Մերքելին՝ Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնին պիտի փոխարինէ ելեւմուտքի նախարար Օլաֆ Շոլցը: