image

Անգարայի մէջ քննարկուած է Կարսի անցակէտի հնարաւոր բացումը

Անգարայի մէջ քննարկուած է Կարսի անցակէտի հնարաւոր բացումը

Հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի գլխաւորութեամբ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում, որու շրջածիրէն ներս քննարկուած է Կարսի մէջ «Արեւելեան դարպասներ» սահմանային անցակէտի բացումը եւ տարածաշրջանի դռները բանալու հնարաւոր ընկերային-տնտեսական հետեւանքները:

Կարսի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Քատիր Պոզանը հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին մէջ ըսած է. «Մենք ուշադիր կը հետեւինք Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ կը կարծենք, որ «Արեւելեան դարպաս»-ի բացումը Ատրպէյճնի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրներու վերացումէն եւ կարգաւորումէն ետք մեծապէս պիտի նպաստէ ոչ միայն Կարսի, այլեւ տարածաշրջանի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման»։