Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ պայթում որոտացած է հրթիռներու արտադրութեան գործարանին մէջ։
Նախնական տուեալներով` փլատակներուն տակ մնացած է 5 մարդ: Այս մասին հաղորդած է Haberturk հեռուստաալիքը:
«Անգարայի Էլմատաղ շրջանին մէջ, ըստ եղած տեղեկատւութեան, պայթում տեղի ունեցած է հրթիռներու եւ պայթուցիկ նիւթերու գործարանին մէջ», -ըսուած է հեռուստաալիքի հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ դէպքի վայր ուղարկուած են հրշէջ ջոկատ եւ շտապ օգնութիւնը: