image

Անգարայի մէջ պայթում.Դէպքը եղած է հրթիռներ արտադրող գործարանի մը մէջ

Անգարայի մէջ պայթում.Դէպքը եղած է հրթիռներ արտադրող գործարանի մը մէջ

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ պայթում որոտացած է հրթիռներու արտադրութեան գործարանին մէջ։

Նախնական տուեալներով` փլատակներուն տակ մնացած է 5 մարդ: Այս մասին հաղորդած է  Haberturk հեռուստաալիքը:

«Անգարայի Էլմատաղ շրջանին մէջ, ըստ եղած տեղեկատւութեան, պայթում տեղի ունեցած է հրթիռներու եւ պայթուցիկ նիւթերու գործարանին մէջ», -ըսուած է հեռուստաալիքի հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ դէպքի վայր ուղարկուած են հրշէջ  ջոկատ եւ շտապ օգնութիւնը: