image

Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ կարգաւորման գործընթացին մէջ «նշանակալի առաջընթաց» կայ. Էրտողան

Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ կարգաւորման գործընթացին մէջ «նշանակալի առաջընթաց» կայ. Էրտողան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը:

«Զրուցակիցները մանրամասն անդրադարձ են կատարել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի շրջանակներում արդէն իսկ կատարուած քայլերին եւ առկայ պայմանաւորուածութիւններին:

Ընդգծուել է կարգաւորման գործընթացն առանց նախապայմանների շարունակելու եւ յարաբերութիւններին նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը: Կողմերը անդրադարձ են կատարել նաեւ տարածաշրջանային հարցերին:

Վարչապետ Փաշինեանը նախագահ Էրդողանին տեղեկացրել է Հայաստան-Ադրբեջան կարգաւորման գործընթացի առկայ իրավիճակի, յարաբերութիւնների կարգաւորման պայմանագրի ստորագրման պատրաստակամութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին»,- նշուած է վարչապետի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ հայկական կողմէն հանդիպման ներկայ եղած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը, Արտաքին գոծոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը։ 

Ըստ թրքական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Էրտողան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններու ժամանակ յայտարարած է, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ կարգաւորման գործընթացին մէջ «նշանակալի առաջընթաց» գրանցուած է՝ «առանց նախապայմաններ» առաջադրելու, եւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի:

Թուրքիոյ նախագահի խօսքով՝ «Թուրքիան կ՚աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան եւ պատմական նոր դարաշրջանին բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման»։ Ան վստահեցուցած է, որ «Անգարան պատրաստ է աջակցելու գործընթացին»։

Թուրքիոյ առաջնորդի գրասենեակը եւս հաստատած է, որ այդ նպատակներուն հասնելու ջանքերը կը շարունակուին։

Թրքական լրատուամիջոցները յայտնած են նաեւ, որ Էրտողանը Փաշինեանին նուիրած է իր հեղինակած «Հնարաւոր է աւելի արդար աշխարհ» վերնագրով գիրքը: