Այս առաւօտ անձնասպանական երկու պայթումներ ցնցեցին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատը:
Ըստ Sky News ծառայութեան, պայթումները եղած են Պաղտատի կեդրոնական շրջաններէն համարուող «Սահաթ Ալ Թայարա» հրապարակին մօտ:
Երկու անձնասպաններու միջոցաւ եղած այս պայթումին հետեւանքով զոհուած են 26 անձեր եւ կան 65 վիրաւորեալներ:
Աղբիւրը կը յայտնէ, որ զոհերու այս թիւը նախնական է եւ կրնայ բարձրանալ, տրուած ըլլալով, որ պայթումին եղած վայրը կը համարուի բանուորներով խճողուած շրջան մը:
Յիշեցնենք, որ արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր պատերազմի մէջ եղող Իրաքը կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններու, որոնք պիտի կայացուին յառաջիկայ գարնան: