Քուէյթի մէջ ծագած հրդեհին հետեւանքով զոհուած են 40 քաղաքացիներ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝«Ալ Նահար» պարբերականէն։
Հրդեհը ծագած է Քուէյթի հարաւային «Ալ Մոնքէֆ» շրջանին մէջ գտնուող շէնքի մը մէջ։ Հրշէջ մարմիններ մեծ ճիգեր իրականացնելով կարողացած են այսօր վաղ առաւօտեան ժամերուն մարել հրդեհը, որմէ ետք յայտնի դարձած հրդեհին ողբերգական պատկերին ամեհիութիւնը։
Կը նշուի նաեւ, որ այդ շրջանին մէջ բնակողներուն մեծ մասը Քուէյթ աշխատելու համար ժամանած գործաւորներու բնակելի վայրն է։ Փրկուած են հարիւրաւոր աշխատաւորներ, սակայն ցաւալիօրէն զոհերու թիւը բաւական մեծ է ու աննախընթաց կը համարուի՝ Քուէյթի մէջ։
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու զոհերու թիւը կրնայ աւելիով բարձրանալ։
فاجعة في الكويت .. أكثر من 40 حالة وفاة وعشرات الإصابات في حريق بمنطقة #المنقف #مصدر_للأخبار pic.twitter.com/e4UyV7nSW
— مصدر (@MSDAR_NEWS) June 12, 2024