Սուրիոյ պատկանող եւ Իսրայէլի կողմէ բռնակցուած Կոլանի մէջ երէկ տեղի ունեցածը բազում առումներով աննախադէպ էր։ Թիրախ կը դարձուէր Տիւրզիներու բնակավայր հանդիսացող «Մաժտըլ Շամս» գաւառակը, եւ կը զոհուէին 13 անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ էին։
Իսրայէլ արագօրէն կը մեղադրէր լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը, մինչ վերջինս կը հերքէր, թէ գրոհած էր Կոլանի ուղղութեամբ։ Պիտի շարունակենք հետեւիլ այս կարեւորագոյն զարգացումի հետեւանքներուն։
Իսրայէլի կողմէ վերահսկուող Կոլանի բարձունքները հրթիռակոծուած են Լիբանանի կողմէ, որու հետեւանքով 9 մարդ մահացած է, 34-ը՝ տուժած:
Ինչպէս յայտնած են տեղի արտակարգ ծառայութիւնները, հարուածը հասցուած է Մաժտըլ Շամս բնակավայրի մարզադաշտի ուղղութեամբ: Վիրաւորներէն 10-ը երեխաներ են։
Իսրայէլեան կողմն արդէն մեղադրած է լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը հարուած հասցնելու համար: Կազմակերպութիւնը, սակայն, հերքած է իր մասնակցութիւնը։