image

Անձնապէս ուրախ եմ․ Աշոտ Փաշինեանը՝ Գայիանէ Յակոբեանի ազատ արձակման մասին

Անձնապէս ուրախ եմ․ Աշոտ Փաշինեանը՝ Գայիանէ Յակոբեանի ազատ արձակման մասին

Երւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ դռնփակ նիստէն ետք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին`Աշոտ Փաշինեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է, որ անձնապէս ուրախ է, որ զոհուած զինծառայող Ժորա Մարտիրոսեանի մայր` Գայիանէ Յակոբեանը դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուեցաւ։

«Էթիկապէս հիմա ճիշդ չի լինի, եթէ ինչ-որ բան ասեմ, քանի որ նիստը դռնփակ է եղել։ Դատական նիստը դռնփակ է եղել հենց Գայինէ Յակոբեանի միջնոդրութեամբ եւ ցանկութեամբ»,- նշած է ան։

Նշենք, որ քիչ առաջ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշեց մեղաւոր ճանչնալ Գայիանէ Յակոբեանը (Մարտիրոսեան)՝ 191 յօդուածի յատկանիշներով (առեւանգում): Դատարանը վճռեց՝ 4 տարի ժամկէտով ազատազրկել Յակոբեանը, սակայն պայմանականօրէն չկիրառել այն եւ նշանակեց 1 տարի փորձաշրջան:

Ինչ կը վերաբերի իր նախորդ յայտարարութեան, թէ Գայիանէ Յակոբեանը պէտք է մնայ կալանքի տակ, Աշոտ Փաշինեանը յայտարարեց, որ իր խօսքը եղած է այն մասին, որ օրէնսգրքով կան շատ յօդուածներ, անոնցմէ մէկը կը վերաբերէր անոր, որ պատիժը պայմանականօրէն չկիրառուի։

«Արդարադատութեան նպատակլը ոչ թէ պատժելն է այն մարդուն, որը մեղաւոր է ճանաչւում, այլ նպատակն այն է, որ յանցանքները նուազեն։ Անձնապէս ուրախ եմ, գոհ եմ, որ իրաւական գնահատական տրուեց միջադէպին։ Դա շատ կարեւոր է անկախ նրանից, թէ ում է դա վերաբերում»,- աւելցուցած է ան։

Աշոտ Փաշինեանը նաեւ ըսած է, որ պիտի չբողոքարկէ դատարանի որոշումը։ Ինչ կը վերաբերի խօսակցութիւններուն, թէ Գայիանէ Յակոբեանը անոր հետ գործարք ըրած է, ապա Աշոտ Փաշինեանը հաւաստիացուցած է, որ ոչ մէկ նման խօսակցութիւն եղած է անոր հետ․ «Այստեղ գործարք չի եղել․ այն ինչ տեղի ունեցաւ նիստի ըթնացքում, աքսիոմատիկ ճշմարտութիւնների շարունակութիւնն էր»։