ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ գործողութիւններու հարցերով: Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
«Մենք պիտի շարունակենք փոխգործակցիլ՝ հաստատուած ուղիները կիրառելով մեր մտահոգութիւնները արտայայտելու համար, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակենք համագործակցիլ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ: Սակայն կը կրկնեմ՝ մենք պիտի շարունակենք գործողութիւններ իրականացնել ինչպէս միշտ օդային տարածքին մէջ»,-յայտարարած է Օսթըն Աւստրալիոյ մէջ AUSMIN-ի ամէնամեայ բանակցութիւններու աւարտին:
Փենթակոնի ղեկավարը նաեւ աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ն իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ պիտի շարունակէ պաշտպանել իր շահերը։