image

ԱՄՆ-ը նոր hարուած պիտի հասցնէ Իրանին, եթէ Թեհրանը վերականգնէ իր միջուկային ծրագիրը. Թրամփ

ԱՄՆ-ը նոր hարուած պիտի հասցնէ Իրանին, եթէ Թեհրանը վերականգնէ իր միջուկային ծրագիրը. Թրամփ

Միացեալ Նահանգները նոր հարուած պիտի հասցնէ Իրանին, եթէ Թեհրանը վերականգնէ իր միջուկային ծրագիրը: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը դաշինքի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ հանդիպման ժամանակ։

«Ի հարկէ»,-ըսած է ան՝ պատասխանելով համապատասխան հարցին։ -

«Բայց ես այլեւս ստիպուած չեմ ըլլար անհանգստանալու այդ մասին։ Այն հնարաւորութիւնը անհետացաւ երկար տարիներով, եւ այն վերականգնելը շատ դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ ամէն ինչ աւերուած է»,-ըսած է Թրամփը: