ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ ԱՄՆ վարչակազմը մշակած է յատուկ գործողութիւններու ծրագիր Ռուսիոյ կողմէ միջուկային զէնքի հնարաւոր գործածութեանն արձագանգելու համար: Այս մասին ան ըսած է CBS հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։
«Այո՛, մենք այն ունինք», -ըսած է դիւանագէտը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք ԱՄՆ վարչակազմն ունի որեւէ ծրագիր Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ միջուկային զէնքի գործածութեան պարագային։
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ նահանգներու նպատակը հակամարտութեան աճն ու ընդլայնումը կանխելն է։