image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ վարչակազմը կը մշակէ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման առաջարկներ. Ռուպիո

ԱՄՆ վարչակազմը կը մշակէ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման առաջարկներ. Ռուպիո

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը մշակէ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման առաջարկներ՝ հաշուի առնելով Մոսկուայի եւ Քիեւի դիրքորոշումները, յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն: Ան շեշտած է՝ մահացու պատերազմն աւարտելու համար հարկաւոր է լուրջ եւ իրատեսական գաղափարներու փոխանակում: 

«Տեւական խաղաղութեան հասնելու համար երկու կողմն ալ պէտք է համաձայնին դժուար, բայց անհրաժեշտ զիջումներու»,-աւելցուցած է Ռուպիոն:  

Արեւմտեան շարք մը լրատուամիջոցներ աղբիւրներուն յղում ընելով հաղորդած են, որ Միացեալ Նահանգները կը մշակէ հակամարտութեան կարգաւորման նոր ծրագիր եւ ատոր շուրջ կը խորհրդակցի Ռուսիոյ հետ: Ըստ Axios-ի՝ Միացեալ Նահանգներունախագահի ծրագրով Ուքրանիան պէտք է հրաժարի իր արեւելեան շրջաններէն՝ Ուաշինկթընի կողմէ ռուսական հետագայ յարձակումէն Ուքրանիոյ եւ Եւրոպային անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու դիմաց:

Financial Times-ը գրած է, որ Ուաշինկթընի ծրագիրը կը ներառէ այդ շարքին ռուսաց լեզուին Ուքրանիոյ մէջ պաշտօնական կարգավիճակի տրամադրում եւ օտարերկրեայ զօրքերու տեղակայման արգելք:

The Wall Street Journal-ը նշած է, որ Ուաշինկթընը, ի թիւս այլ զիջումներու, կ՚առաջարկէ Քիեւին՝ հրաժարիլ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու գաղափարէն առնուազն քանի մը տարիով։ Reuters-ի աղբիւրները նոյնպէս յայտնած են, որ ըստ ամերիկեան ծրագրի՝ Քիեւը պէտք է հրաժարի տարածքներէն եւ զէնքերու մէկ մասէն: Ըստ NBC News-ի աղբիւրներու՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփը 28 կէտէ բաղկացած ծրագիրը հաստատած է այս շաբթուան սկիզբը: 

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան յայտնած է, որ Ռուսիան պաշտօնական խողովակներով Միացեալ Նահանգներէն որեւէ տեղեկատւութիւն չէ ստացած Ուքրանիոյ շուրջ որեւէ համաձայնութեան վերաբերեալ: Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսկովն ալ նշած է՝ Ալասքայի մէջ քննարկումներէն բացի որեւէ նոր զարգացում չկայ: