image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ սկսած է հիասթափուիլ Ուքրանիայէն. National Interest

ԱՄՆ սկսած է հիասթափուիլ Ուքրանիայէն. National Interest

Միացեալ Նահանգներ եւ դաշնակիցները կը վերանային իրենց վերաբերմունքը Ուքրանիոյ նկատմամբ Լեհաստանի մէջ հրթիռի արձակման վերաբերեալ Քիեւի արձագանգէն ետք, գրած է National Interest-ը։

Նշուած է, որ Ուաշինկթընին հիասթափեցուցած են Վլատիմիր Զելենսքիի յայտարարութիւնները, որ կատարուածի համար մեղադրած է Ռուսիան, թէպէտ ԱՄՆ-ը ընդունած է, որ հրթիռը ուքրանական է։

«Հրթիռի արձակման հետ կապուած Քիեւի յամառ պահուածքը հիասթափութիւն եւ վրդովմունք առաջացուցած է ոչ միայն ամերիկացի պահպանողականներու, այլեւ Սպիտակ տան եւ ՆԱԹՕ-ի միւս գործընկերներու մօտ»,-ըսուած է յօդուածին մէջ։

Ի թիւս այլ կէտերու, յօդուածին մէջ ընդգծուած է, որ քաղաքական գործիչներն ու պահպանողական հայեացքներով ակտիւիստները վաղուց թերահաւատօրէն կը վերաբերին Ուքրանիոյ նկատմամբ Պայտընի քաղաքականութեան, իսկ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը միայն կրակի վրայ իւղ լեցուցած է։