image

ԱՄՆ Պատասխանատուներ կը հաւատան, որ խաղաղութեան ժամը մօտեցած է

ԱՄՆ Պատասխանատուներ կը հաւատան, որ խաղաղութեան ժամը մօտեցած է

Միացեալ Նահանգներ կը կարծէ, որ Ուքրանիոյ մէջ մարտերը կրնան դանդաղիլ ձմեռը սկսելուն պէս, որը «պատուհան» կը ստեղծէ այս հակամարտութեան կարգաւորման համար, յայտարարած է ԱՄՆ շտաբներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ, զօրավար Մարք Միլին։

«Ձմրան շատ բան կրնայ տեղի ունենալ, սակայն, որպէս կանոն, եղանակային պայմաններու պատճառով մարտավարական գործողութիւնները կը դանդաղին: Իմ կարծիքով, նախագահ Պայտըն եւ Վլատիմիր Զելենսքին ըսած են, որ այս ճգնաժամը ի վերջոյ պէտք է լուծուի քաղաքական ճանապարհով:

Այսպիսով, եթէ մարտավարական գործողութիւնները դանդաղին, եթէ այդ տեղի ունենայ, ապա կրնայ պատուհան ըլլալ քաղաքական կարգաւորման կամ առնուազն բանակցութիւններու մեկնարկի համար»,- ըսած է Միլլին Ուքրանիոյ աջակցութեան կոնտակտային խմբի նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։