image

ԱՄՆ օդուժը հարուածած է Սուրիական Տէր Զօրը

ԱՄՆ օդուժը հարուածած է Սուրիական Տէր Զօրը

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը նախագահ Ճօ Պայտընի հրահանգով հարուածած են սուրիական Տէր Զօրը։

Ըստ յայտարարուածի, յարձակման թիրախ եղած են այն կառոյցները, որոնք կապուած են Իրանի զինուած ուժերուն մաս կազմող Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդին հետ։

«ԱՄՆ զինուած ուժերը կէտային օդային հարուածներ հասցուցած են Տէր Զօրի մէջ։ ... հարուածներու թիրախը այն ենթակառուցուածքային կառոյցներն են, որոնք կ'օգտագործուին Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հետ կապուած խմբերու կողմէ», - ըսուած Է ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան թուիթըրեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ նշուած է, որ այդ հարուածները եղած են ամերիկեան ուժերը գրոհներէ պաշտպանելու համար։

Ըստ յայտարարութեան` ԱՄՆ հակամարտութիւն չի փնտռեր, բայց պիտի շարունակէ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար: