image

ԱՄՆ-ն եւ Ուքրանիան յաջորդ շաբաթ Սէուտական Արաբիոյ մէջ բանակցութիւններ պիտի կայացնեն․ Զելենսքի

ԱՄՆ-ն եւ Ուքրանիան յաջորդ շաբաթ Սէուտական Արաբիոյ մէջ բանակցութիւններ պիտի կայացնեն․ Զելենսքի

Միացեալ Նահանգները եւ Ուքրանիան յաջորդ շաբաթ Սէուտական Արաբիոյ մէջ բանակցութիւններ պիտի կայացնեն։ Այս մասին Եւրոպական Միութեան առաջնորդներու հետ Պրիւքսէլի մէջ կայացած գագաթնաժողովէն ետք ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին՝ յոյս յայտնելով, որ «իմաստալից հանդիպում» պիտի ըլլայ, գրած է BBC-ն։

Ուքրանիոյ առաջնորդը պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա, բայց պիտի չմասնակցի բանակցութիւններուն։ Զելենսքին ըսած է, որ Քիեւը կ՚աշխատի «արագ եւ տեւական» խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Վիթքոֆն ըսած է, որ ամերիկեան կողմը կ՚ուզէ քննարկել խաղաղութեան «շրջանակ»՝ փորձելով վերջ դնել Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին:

Փետրուար 28-ին Զելենսքին եւ Թրամփը Սպիտակ տան մէջ լրատուամիջոցներու առաջ թէժ զրոյց ունեցած են, որու ընթացքին Թրամփն ըսած է, որ Զելենսքին պատրաստ չէ դադրեցնելու մարտերը: Միացեալ Նահանգները դադրեցուցած է Ուքրանիոյ տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը եւ հետախուզական տեղեկատւութեան փոխանակումը։

Ուքրանիոյ նախագահն ափսոսանք յայտնած է տեղի ունեցածի համար եւ փորձած է վերականգնել յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու՝ Ուքրանիոյ ամենամեծ ռազմական մատակարարի հետ։