Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտի նախարար Սքոթ Պեսընթն ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան առեւտրային մաքսատուրքերու շուրջ բանակցութիւնները փակուղի մտած են, եւ այս հանգամանքը կրնայ պահանջել նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի առաջնորդ Սի Ծինփինի միջեւ հեռաձայնային զրոյց մը։ Այս մասին Պէսընթ յայտնած է Fox News հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։
«Կը կարծեմ, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին աւելի շատ բանակցութիւններ պիտի ունենանք իրենց հետ, եւ կը կարծեմ, որ ինչ-որ պահու կրնայ հեռաձայնային զրոյց ըլլալ նախագահին եւ նախագահ Սիի միջեւ»,– ըսած է ան։
Մայիս 11-ին Ժընեւի մէջ աւարտած են Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ երկու օր տեւած առեւտրային բանակցութիւնները։ Բանակցութիւններէն ետք կողմերը յայտարարած են «զգալի առաջընթացի» եւ առեւտրային պակասուրդի կրճատման համաձայնութեան մասին։
Ապրիլ ամսուան սկիզբը Միացեալ Նահանգները բոլոր չինական ապրանքներու մաքսատուրքերը բարձրացուցած է մինչեւ 145 տոկոս։ Չինաստանը իր հերթին պատասխանած է՝ ամերիկեան ապրանքներու վրայ սահմանելով 125 տոկոս մաքսատուրքեր։