image

Իրան դրական կը համարէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու ընդհանուր հունը

Իրան դրական կը համարէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու ընդհանուր  հունը

Իրանի աթոմային Ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար Մոհամմէտ Իսլամին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու հետ երկրի միջուկային ծրագիրին վերաբերող բանակցութիւններուն մէջ որոշակի առաջընթաց կայ։

«Իրանի աթոմային Ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ միջնորդաւորուած բանակցութիւններուն ընթացքին որոշակի առաջընթաց գրանցուած է, սակայն Իրան մերժած է անիրատեսական պահանջները»,– գրած է IRNA պետական գործակալութիւնը:

Իսլամին վճռականօրէն մերժած է Թեհրանի նկատմամբ Արեւմուտքի պահանջները՝ հրաժարիլ իւրանիոմի հարստացումէն՝ զանոնք անուանելով գերիշխանութիւն պարտադրելու փորձ։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ մօտ է Իրանի հետ միջուկային ծրագիրի շուրջ համաձայնագիրի կնքման:

Յիշեցնենք, որ բանակցութիւններու հինգերորդ փուլը կայացած է միջուկային ծրագիրի հարցով հնարաւոր համաձայնագիրի շուրջ Իրան–Միացեալ Նահանգներ աճող տարաձայնութիւններու ֆոնին: Լարուածութիւնն աճեց, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի հասնիլ Թեհրանի կողմէ Իւրանիոմի հարստացման լիակատար դադրեցման:

Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէի ի պատասխան կասկածի տակ դրաւ գործարքի կնքման հնարաւորութիւնը` յայտարարելով, որ Միացեալ Նահանգները սխալ պահանջ կը ներկայացնէ: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարեց, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չի բերուիր, եթէ ամերիկեան կողմը շարունակէ պնդել, որ Իրան հրաժարի իւրանիոմի հարստացման ճարտարագիտութենէն: