image

ԱՄՆ-ն այլեւս միջոցներ չունի Ուքրանիոյ աջակցելու համար. Սպիտակ տուն

ԱՄՆ-ն այլեւս միջոցներ չունի Ուքրանիոյ աջակցելու համար. Սպիտակ տուն

Միացեալ Նահանգները այլեւս միջոցներ չունի Ուքրանիոյ հետագայ աջակցութեան համար, օգնութեան նոր փաթեթները պիտի պահանջեն Քոնկրեսի կողմէ նոր ֆինանսաւորման հաստատում:

Այս մասին ըսած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպին:

«Նախագահը ստորագրեց վերջին փաթեթը, որու համար ունէինք ֆինանսաւորում: Մեզի անհրաժեշտ է հաստատում լրացուցիչ միջոցներու համար, որ կարողանանք շարունակել աջակցութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ», - ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Քըրպին:

Քըրպին նշած է, որ մինչ օրս օգնութեան վերջին փաթեթը, որ ստորագրուած է նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ դեկտեմբեր 27-ին, դեռ ամբողջութեամբ չէ յանձնուած Ուքրանիոյ, եւ որոնց յանձնումը կրնայ տեւել շաբաթներ: