image

ԱՄՆ Միջանցքի դիմաց Ատրպէյճանին կ՚ըսէ հրաժարիր հողային պահանջներէդ. Վերլուծաբան

ԱՄՆ Միջանցքի դիմաց Ատրպէյճանին կ՚ըսէ հրաժարիր հողային պահանջներէդ. Վերլուծաբան

Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին կը ստիպէ միջանցք տրամադրել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է քաղաքագէտ Ստեփան Դանիէլեանը՝ անդրադառնալով ԱՄՆ արտաքին գործոցի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիւ Միլլըրի յայտարարութեան, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւնը հնարաւոր է, բայց այդ երկու կողմէն կը պահանջէ բարդ ընտրութիւններ եւ բարդ փոխզիջումներ կատարել:

Հարցին՝ հայկական կողմն արդէն բաւականաչափ զիջումներ կատարած է, ի՞նչ նոր ու բարդ փոխզիջումներ կը սպասուին, կամ Ատրպէյճանական կողմն ի՞նչ պէտք է զիջի, Դանիէլեանն ըսած է.

«Միացեալ Նահանգները Հայաստանին ստիպում է միջանցք տրամադրել Ադրբեջանի եւ Նախիջեւանի միջեւ: Արցախի մնացած մասն ինչո՞ւ յանձնուեց Հայաստանի կառավարութեան կողմից, որովհետեւ իրենք ասում էին, որ ռուսական վերահսկողութեան Մեղրիի միջանցքը չեն տալիս, համաձայն չեն եւ դրա համար Լաչինը փակուեց, դրա համար 2023 թուականին Արցախում տեղի ունեցաւ այն, ինչ տեղի ունեցաւ», -ըսած է ան:

Դանիէլեանի խօսքով՝ հիմա կը պահանջեն միջանցք յանձնել միջազգային, ըստ էութեան, ամերիկեան վերահսկողութեան տակ:

«Ստացւում է՝ Արցախը զոհաբերուեց, որ ռուսական Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան վերահսկողութիւն չլինի Մեղրիում: Հիմա այդ միջանցքն արդէն այլ երկրի կամ այլ կազմակերպութիւնների են, որոնք այլ երկրներն են ներկայացնում: Բնականաբար, համապատասխան հարցեր են առաջացնում, դրա համար Հայաստանից զիջումներ են պէտք», - նշած է քաղաքագէտը:

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանէն պահանջուող զիջումն այն է, որ տարածքային նոր պահանջներ չներկայացնեն Հայաստանին, որուն Ատրպէյճանը համաձայն չէ:

Հարցին՝ միջանցքի տրամադրման կ՚երթա՞ն ՀՀ իշխանութիւնները, ան արձագանգած է. «Նրանք արդէն ինչ-որ ձեւով համաձայնուել են, ուղղակի ձեւակերպումներ են որոնում, թէ ինչպէս ներկայացնեն Հայաստանի հանրութեանը»:

Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագրին, Դանիէլեանն ըսած է, որ եթէ նոյնիսկ ստորագրուի ալ այդ փաստաթուղթը, ոչ մէկ խաղաղութիւն այլեւս կրնայ ըլլայ:

«Խաղաղութիւն կարող է լինել այն դէպքում, եթէ 6 երկիր՝ Կովկասի երեք երկիր եւ Իրանը, Ռուսաստանն ու Թուրքիան գան որոշակի միասնական համաձայնութեան Հարաւային Կովկասի ապագայի մասին, եւ Արեւմուտքը չխոչընդոտի։ Դա միակ տարբերակն է», - նշած է քաղաքագէտը:

 

 Նիւթը՝ Tert.am-էն