Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ նախատեսուող համաձայնագիրը պիտի ներառէ Իսրայէլը, Լիբանանը եւ Պարսից Ծոցի երկիրները։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը՝ ամերիկացի լրագրող Մեկըն Քելիի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին։
«Սա տարածաշրջանային խաղաղութեան համաձայնագիր է։ Այն պիտի ընդգրկէ Պարսից Ծոցի շրջանը, Իսրայէլը եւ Լիբանանը։ Գաղափարը այն է, որ սա իսկական տարածաշրջանային խաղաղութեան համաձայնագիր է»,– ըսած է ան։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք ԱՄՆ գումար պիտի տրամադրէ՞ Իրանին, Վենս շեշտած է, որ ամերիկեան կողմէն որեւէ գումար պիտի չտրամադրուի։
«Ես կ՚ուզեմ շատ, շատ յստակ ըլլալ։ Նոյնիսկ եթէ իրանցիները կատարեն այս համաձայնութեամբ նախատեսուած բոլոր պարտաւորութիւնները, ամերիկեան ոչ մէկ լումայ պիտի հոսի դէպի Իրան»,– նշած է Վենս։ «Մենք կ՚ըսենք, որ եթէ իրանցիները փոխեն իրենց վարքագիծը, մենք որոշ երկիրներու թոյլ պիտի տանք ներդրումներ կատարել անոնց երկիրը վերականգնելու եւ անոնց ժողովուրդին համար որոշակի բարգաւաճում ստեղծելու գործին մէջ։ Եթէ իրանցիները դադրին ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումէն, եթէ պատշաճ վարուին եւ փոխակերպեն իրենց յարաբերութիւնները ոչ միայն մեզի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին հետ, այդ մէկը ողջունելի պիտի ըլլայ»։
Վենս նաեւ նշած է, որ եթէ իրանցիները ուզեն օգտուիլ համաձայնութեան ընձեռած առաւելութիւններէն, ուրանի հարստացումը, ինչպէս նաեւ ստուգումներու հարցը, բանակցութիւններու սեղանին վրայ պիտի ըլլան։
Ան անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի կողմէ համաձայնագրի առնչութեամբ դժգոհութիւններուն եւ քննադատութիւններուն։
Վենսի համաձայն՝ անոնք, որոնք համաձայն չեն ԱՄՆ-Իրան համաձայնագրի հետ, ըստ էութեան կ՚աջակցին անվերջ հակամարտութեան։
«Անոնք կ՚առաջարկեն անվերջ հակամարտութիւն. անոնք կ՚ուզեն, որ այն շարունակուի մինչեւ բոլոր ռումբերը նետուին կամ բոլոր իրանցիները սպաննուին։ Ասիկա այն չէ, ինչ կը ցանկայ Միացեալ Նահանգներու նախագահը։ Ինծի կը թուի, որ քննադատողները նախ նկատի չեն առներ փաստաթուղթի իրական բովանդակութիւնը, եւ երկրորդ՝ անոնք չեն կրնար այլընտրանք առաջարկել։ Եթէ այլընտրանքը ռումբեր նետելն է՝ առանց յստակ նպատակի եւ առանց Միացեալ Նահանգներու յստակ շահերը նկատի առնելու, ապա այդ մէկը չի կրնար համարուիլ ամերիկեան ժողովուրդին անունով կայացուած իմաստուն որոշում»,– ըսած է Վենս։
«Նախագահը ըսաւ, որ մինչեւ ուրբաթ, թերեւս նոյնիսկ վաղը, պիտի հրապարակենք փոխըմբռնման յուշագիրի բնագիրը։ Մինչեւ հիմա զայն չհրապարակելու պատճառը այն է, որ տակաւին ընթացքի մէջ են որոշ նուրբ դիւանագիտական գործընթացներ, ուր իրանցիները, ինչպէս նաեւ մեր որոշ միջնորդները՝ փաքիստանցիներն ու քաթարցիները, խնդրած են, որ այս ամբողջը պատշաճ հերթականութեամբ կարգաւորենք»,– շեշտած է ան։
Յունիս 19-ին փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն ետք, ԱՄՆ-ն եւ Իրանը 60 օրուան ընթացքին բանակցութիւններ պիտի վարեն վերջնական համաձայնագրի հասնելու համար։