image

ԱՄՆ-ին կոչ՝ Եւրոպայի մէջ լարուածութիւնը չբորբոքելու

ԱՄՆ-ին կոչ՝ Եւրոպայի մէջ լարուածութիւնը չբորբոքելու

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ Մոսկուան ունի համապատասխան ծրագրեր, որոնք պիտի իրականացնէ այն պարագային, եթէ Միացեալ Նահանգները սահմանէ նոր պատժամիջոցներ:

Փեսքով նաեւ Ուաշինկթընին կոչ ըրած է «դադրեցնելու Եւրոպայի մէջ իրավիճակի բորբոքումը»:

«Քրեմլը մտահոգուած է, որովհետեւ պատժամիջոցներու հարցով Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը անկանխատեսելի է: Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ այս հարցին մէջ անկանխատեսելի ըլլալ միջազգային ասպարէզին մէջ: Այո՛, կան ծրագրեր, որոնք կոչուած են նուազագոյնի հասցնել վտանգները եւ վնասները, որոնք կրնան պատճառել նման անկանխատեսելի գործողութիւնները: Բայց կը կրկնեմ` մենք կոչ կ'ընենք ԱՄՆ-ին՝ հրաժարելու սադրիչ քայլերէ եւ Եւրոպայի մէջ լարուածութիւնը բորբոքելէ», ըսած է Ռուսաստանի նախագահին խօսնակը:

Ուաշինկթընը եւ ՆԱԹՕ-ն այսօրուայ դրութեամբ կը հրաժարին անվտանգութեան երաշխիքներ տալէ Ռուսաստանին եւ, մասնաւորապէս պարտաւորուելէ, որ Ուքրանիան պիտի չմիանայ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին կամ ՆԱԹՕ-ն յարձակողական սպառազէն պիտի չտեղակայէ Ուքրանիոյ մէջ:

Ռուսաստանը Ուքրանիոյ սահմանին մօտեցուցած է 100 հազարի հասնող բանակ, սակայն կը հաւատացնէ, որ Ուքրանիա ներխուժելու մտադրութիւն չունի: