image

ԱՄՆ-ի մէջ գործարկուած է Թրամփի՝ 5 միլիոն տոլար արժողութեամբ «ոսկեայ քարտի» համար հերթագրման կայքը

ԱՄՆ-ի մէջ գործարկուած է Թրամփի՝ 5 միլիոն տոլար արժողութեամբ «ոսկեայ քարտի» համար հերթագրման կայքը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է 5 միլիոն տոլար արժողութեամբ «ոսկեայ քարտի» համար հերթագրուելու կայքը գործարկելու մասին: Ան համապատասխան գրառում կատարած է Truth Social կայքին մէջ:

«Հազարաւոր մարդիկ կը զանգէին եւ կը հարցնէին՝ ինչպէս կարելի է գեղեցիկ ճանապարհով երթալ դէպի աշխարհի լաւագոյն երկիրն ու շուկան։ Այն կը ոչուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հերթագրումը բաց է», - գրած է ան՝ հրապարակելով համապատասխան կայքի ելեկտրոնային հասցէն:

Թրամփ «ոսկեայ քարտի» գաղափարի մասին յայտարարած է փետրուարին։ Այն հնարաւորութիւն կու տայ դիմելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ստանալու համար՝ փոխարինելով արդէն 35 տարի գործող ներդրողներու համար նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու յատուկ վիզան։