image

ԱՄՆ-ի մէջ դրամատուներու տագնապ. Պայտըն կը մեղադրէ Թրամփը

ԱՄՆ-ի  մէջ դրամատուներու տագնապ. Պայտըն կը մեղադրէ Թրամփը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր նախորդ Տանըլտ Թրամփը մեղադրած է Silicon Valley-ի եւ Signature Bank-ի փլուզման մէջ։ Այս մասին ան ըսած է Սպիտակ տան մէջ իր ելոյթի ժամանակ։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ փակուած են խոշորագոյն դրամատուներէն Silicon Valley Bank-ը եւ Signature Bank-ը, որ կրնայ աւելի մեծ համակարգային ճգնաժամ առաջացնել: Սա դրամատնային համակարգի ամենամեծ տապալումն է 2008-ի ֆինանսական ճգնաժամէն ի վեր: 

Միաժամանակ Պայտընը կը կարծէ, որ ամերիկացիները կրնան վստահ ըլլալ երկրի դրամատնային համակարգի անվտանգութեան հարցով։ Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները վնասներ պիտի չկրեն Silicon Valley-ի եւ Signature Bank-ի վերաբերեալ իրավիճակի պատճառով։

Աւելի վաղ ամերիկեան CNN հեռուստաալիքը յայտնած էր, որ Silicon Valley Bank-ի (SVB) փլուզման հետեւանքները վերացնելու Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններու փորձը չէ կրցած հանգստացնել ներդրողները եւ համաշխարհային խուճապ առաջացուցած է ֆինանսական շուկային մէջ։ CNN-ը նշած է, որ հակառակ HSBC-ի (FTRXX) կողմէ Silicon Valley Bank-ի (SVB) բրիտանական մասնաճիւղը 1 ֆունտով գնելուն եւ այն հաւաստիացումներուն, որ յաճախորդները պիտի կարենան շարունակել դրամատնային գործարքները սովորական ռեժիմով, արժեթուղթերը սկսած են նուազիլ վաղ առաւօտեան սակարկումներու ժամանակ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ սակարկումներու մեկնարկէն ետք եւրոպական Euro Stoxx 600 ցուցանիշը ինկած է 2,5%-ով, լոնտոնեան FTSE 100-ը՝ 2,2%-ով, իսկ Stoxx Europe 600 Banks-ը 2021 թուականի մարտէն ի վեր առաջին անգամ աժանցած է 5%-ով:

Մինչ այս Միացեալ Նահանգներու Դաշնային պահուստային համակարգը (ԴՊՀ) որոշած էր դրամատուներուն լրացուցիչ միջոցներ տրամադրել ֆինանսական կայունութիւնը պահպանելու համար։

Նախօրէին Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտի նախարարը, Դաշնային պահուստային համակարգը եւ Միացեալ Նահանգներու Աւանդներու ապահովագրման դաշնային յանձնաժողովը համատեղ յայտարարութեամբ Silicon Valley Bank-ի (SVB) բոլոր աւանդատուներուն խոստացած էին երկուշաբթի օրուընէ՝ մարտ 13-էն հասանելիութիւն ապահովել աւանդներուն: