Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաքային IRNA գործակալութեան հաստատած է, որ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայանայ Օմանի մէջ։
«Կողմերու միջեւ կայացած խորհրդակցութիւններէն ետք որոշուած է, որ Մասքաթն ընդունող կողմ պիտի մնայ այդ բանակցութիւններու երկրորդ փուլի համար, որոնք տեղի պիտի ունենան շաբաթ՝ ապրիլ 19-ին»-յայտարարած է Պաքային։
Ապրիլ 12-ին Օմանի մէջ կայացած էր ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու առաջին փուլը։