Միացեալ Նահանգներու բանակի քարտուղար Տեն Տրիսքոլը նոյեմբեր 24-ին Ապու Տապիի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Ռուսիոյ պաշտօնեաներու հետ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան դադրեցման ամերիկեան առաջարկի շուրջ։
Այս մասին հաղորդած է CNN-ը՝ վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեան, որու անունը չէ նշուած։
Ռուսիոյ ներկայացուցիչներու հետ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա բանակցութիւններէն ետք, որոնց ընթացքին քննարկուած է 28 կէտէ բաղկացած ամերիկեան ծրագիրը։ Աղբիւրը յայտնած է, որ այս քննարկումները պէտք է հիմք հանդիսանան ապագային աւելի բարձր մակարդակով քննարկումներու համար։
Պաշտօնեան յայտնած է, որ քննարկումները պիտի շարունակուին նոյեմբեր 25-ին։
BBC-ի աղբիւրն իր հերթին հաստատած է, որ ամերիկացի պաշտօնեաներն Ապու Տապիի մէջ պիտի հանդիպին ռուսաստանցի պաշտօնեաներու հետ։
Դրիսքոլն օրեր առաջ Քիեւի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Ուքրանիոյ իշխանութիւններու հետ։