ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քուին ամփոփած է իր այցը Սիւնիքի մարզ, ուր ան ընդգծած է ԱՄՆ շարունակական աջակցութիւնը խաղաղութեան, ընդհանուր տնտեսական բարգաւաճման ապահովման ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։ Յայտնած են ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութենէն:
Մարտ 25-26-ին Սիւնիքի մարզ կատարած այցի ընթացքին դեսպան Քուինը մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանի, Տեղ համայնքի ղեկավար Դաւիթ Ղուլունցի եւ տեղացիներու հետ քննարկած է տնտեսական եւ մարզային նշանակութեան հարցեր։
Սիւնիքի ճանապարհին՝ Արարատի մարզի մէջ, դեսպանն այցելած է նորաբաց «Ճի Թի Պի Սթիլ» գործարան, որ կը հանդիսանայ խոշոր ամերիկեան ներդրում Հայաստանի մէջ եւ որու գործունէութիւնը երկուստեք շահեկան է մեր երկիրներու համար։
Սիւնիքի մարզի մէջ ան այցելած է «Քոնթուր Կլոպըլ հիտրոքասքատ», որ մէկ այլ խոշոր ամերիկեան ներդրում է Հայաստանի մէջ։ Այս ընկերությունը վերազինած է 55 տարուան պատմութիւն ունեցող համալիրն ամերիկեան արհեստագիտութիւններով՝ ապահովելու յուսալի ուժանիւթի մատակարարում՝ միաժամանակ ստեղծելով աշխատատեղեր ամերիկացիներու եւ տեղացիներու համար։
Դեսպան Քուինը նաեւ այցելած է Սուրբ Հռիփսիմէի պատմական եկեղեցին, ուր ընդգծած է ամէնուր Հայաստանի մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը։
Գորիսի մէջ դեսպանը հանդիպած է Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն՝ անվտանգային իրավիճակի մասին յստակ գնահատականներ լսելու համար։ Այցի ընթացքին դեսպան Քուինը նաեւ զրուցած է համայնքային առաջնորդներու, բնակիչներու հետ՝ վերահաստատելով ԱՄՆ աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման։
«Խօսելով սիւնեցիներու հետ՝ ես զգացի խաղաղութեան, կայունութեան ու բարեկեցութեան հանդէպ անոնց տածած յոյսը։ Ես ամէն ինչ պիտի ընեմ մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններն առաւել ամրապնդելու համար», -ըսած է դեսպան Քուինը։
Ան ողջունած է խաղաղութեան համաձայնագրի ուղղութեամբ վերջին շրջանի առաջընթացը՝ ընդգծելով, որ շրջադարձային պահ եկած է՝ մէկ կողմ դնելու տասնամեակներ տեւած հակամարտութիւնը եւ աշխատելու Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական անվտանգութիւն ու տնտեսական բարգաւաճում ապահովելու շուրջ։