ԱՄՆ Քոլումպիայի դաշնային շրջանի վերաքննիչ դատարանը որոշում կայացուցած է, ըստ որուն՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ օտար երկիրներու դէմ սահմանուած ներմուծման մաքսատուրքերէն մեծ մասը կը համարուի անօրինական։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը։
Նշուած է, որ որոշումն ընդունուած է 7 կողմ, 4 դէմ ձայներով։
Միաժամանակ դատարանը մաքսատուրքերը թողած է ուժի մէջ մինչեւ Հոկտեմբեր 14-ը, որ ԱՄՆ նախագահի վարչակազմին հնարաւորութիւն տրուի դիմելու Գերագոյն դատարան։
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, մեկնաբանելով դատարանի որոշումը Truth Social ընկերային ցանցին մէջ, շեշտած է, որ մաքսատուրքերու վերացումը «լիակատար աղէտ պիտի ըլլայ երկրի համար»։
«Այդ մեզ ֆինանսապէս պիտի թուլացնէ, իսկ մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք։ ԱՄՆ-ն այլեւս պիտի չհանդուրժէ առեւտուրի հսկայական պակասուրդը, անարդար սակագիները եւ առեւտրային խոչընդոտները, որոնք դրուած են այլ երկիրներու կողմէ՝ թէ՛ բարեկամներու, թէ՛ թշնամիներու։ Անոնք կը վնասեն մեր արտադրողները, գիւղացիները եւ բոլորը։ Եթէ այս որոշումը ուժի մէջ մնայ, այդ բառացիօրէն պիտի ոչնչացնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները»,– գրած է Թրամփը։