image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ չաջակցիր Ռուսիոյ վրայ յարձակումներուն. Սպիտակ Տան բանբեր

ԱՄՆ չաջակցիր Ռուսիոյ վրայ յարձակումներուն. Սպիտակ Տան բանբեր

«Ընդհանուր առմամբ, մենք չենք աջակցիր ռուսական տարածքի վրայ յարձակումներուն», մեկնաբանելով երկուշաբթի օր Մոսկուայի վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումը` յայտարարած է Սպիտակ տան բանբեր Քարըն Ժան Փիեռ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ան միեւնոյն ժամանակ նկատած է. «Ասիկա պատերազմ է, որ սկսած է Ռուսիան: Ասիկա անոնց պատերազմն է: Եւ որեւէ պահու կրնան ատոր վերջ տալ` զօրքերը Ուքրանիայէն դուրս բերելով»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր, իր կարգին, «սահմռկեցուցիչ» կոչած է Օտեսայի, Նիքոլայեւի եւ Ուքրանիոյ հարաւային շրջանին վրայ կատարուած ռուսական յարձակումները, որոնք անցեալ շաբթուընէ ի վեր չեն դադրիր: