Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն ժամանած է Քաթար։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Al Khaleej պարբերականը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի այցին նպատակն է յորդորել Քաթարը շարունակելու իր միջնորդական դերը Կազայի մէջ հրադադարի հասնելու հարցով։ Այցի ծիրէն ներս Ռուպիոն հանդիպում պիտի ունենայ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պըն Համատ ալ-Թանիի հետ։
Ռուպիոյի այցը կը կայանայ մէկ շաբաթ ետք այն հանգամանքէն, երբ Իսրայէլ հարուածած էր Քաթարը՝ թիրախաւորելով պաղեստինեան «Համաս» խումբաւորման առաջնորդները։
Տոհա մեկնելէ առաջ Ռուպիոն ընդգծած է, որ Քաթարը կը մնայ միակ երկիրը, որ կրնայ նպաստել Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի աւարտին։ Թել Աւիւէն Տոհա մեկնող ինքնաթիռին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան նշած է, որ պիտի խնդրէ Քաթարէն շարունակել այն, ինչ կը կատարեն։
«Մենք մեծապէս կը գնահատենք անոնց կառուցողական դերը՝ այս պատերազմը աւարտին հասցնելու գործին մէջ»,– ըսած է Արտաքին գործոց նախարարը։
Ռուպիոն մինչ այդ երկօրեայ պաշտօնական այցով գտնուած էր Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ։