image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմը ունի նոր Առաջնորդ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան պիտի ստանձնէ իր նոր պաշտօնը

 ԱՄՆ Արեւելեան Թեմը ունի նոր Առաջնորդ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան  պիտի ստանձնէ  իր նոր պաշտօնը

Շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւնը վաւերացուեցաւ եւ  Մայր Աթոռի  երիտասարդ հոգեւորականներէն Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան ստանձնեց  ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդի պաշտօնը։

Հայր Սուրբ կը յաջորդէ Գերշ. Տ.  Դանիէլ եպս. Ֆընտըքեանին, որն իր կարգին պաշտօնը ստանձնած էր յաջորդելով երկար տարիներ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմը ձեռնհասօրէն վարած  Գերշ. Տ. Խաժակ Պարսամեանը։

Ինչպէս յայտնի է ցանկացած Թեմի պարագայի որեւէ մակարդակի ընտրութիւն կը կարօտի Ամենայն Հայոց Վեհափառի անմիջական վաւերացումին եւ այդ վաւերացումէն ետք ալ  շատ հաւանական կը դառնայ, որ դարձեալ Վեհափառի տնօրինութեամբ նորընտիր  Առաջնորդը  (եթէ եպիսկոպոսական աստիճան չունի) ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ անոր տրուի  առաջնորդական մատանի եւ ասա։

Բարի երթ կը մաղթենք Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեանին։