image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ հետ բանակցելու ցանկութիւն եւ քաղաքական կամք դեռ չկայ. Փեսքով

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ հետ բանակցելու ցանկութիւն եւ քաղաքական կամք դեռ չկայ. Փեսքով

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները լաւ գիտեն Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի բոլոր հիմնական ուղերձները, սակայն անոնց կողմէ բանակցելու ցանկութիւն եւ քաղաքական կամք դեռ չկայ՝ յայտարարած է Տմիթրի Փեսքով։

«ԱՄՆ իշխանութիւնները քաջատեղեակ են մեր դիրքորոշման մասին, անոնք քաջատեղեակ են Փութինի բոլոր հիմնական ուղերձներուն մասին»,- ըսած է Քրեմլինի խօսնակը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Փութինի տուած հարցազրոյցը լրագրող Թաքըր Քարլսոնին կ'օգնէ Մոսկուայի տեսակէտը հասցնելու Ուաշինկթընին:

Փեսքովի խօսքով՝ ԱՄՆ պէտք է ցանկութիւն ունենայ բանակցութիւններ ընելու համար:  

«Նման ցանկութիւն ու անոր քաղաքական կամքը մենք առայժմ չենք արձանագրեր»,- ընդգծած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղարը։