image

Ամերիկահայ Փօլ Գրիգորեանին նոր պաշտօն

Ամերիկահայ Փօլ Գրիգորեանին նոր պաշտօն

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն հեռացող Փօլ Գրիգորեան նշանակուած է Լոս Անճելըս քաղաքի գլխաւոր ձեռնարկներու, ներառեալ՝ 2028ի Ողիմպիականներուն եւ 2026ի աշխարհի ֆութպոլի աւարտական խաղերու մրցումներու կազմակերպման պատասխանատու։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պես քաղաքին գլխաւոր ձեռնարկներու, ներառեալ՝ 2028ի Ողիմպիականներուն եւ 2026ի աշխարհի ֆութպոլի աւարտական խաղերու մրցումներու կազմակերպման պատասխանատու գրասենեակին վարիչը նշանակեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն հեռացող Փօլ Գրիգորեանը։

Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 8 Դեկտեմբերին, երբ ան պիտի հեռանայ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն։

Գրիգորեան գլխաւոր կապը պիտի հանդիսանայ քաղաքապետին եւ կազմակերպիչ մարմիններուն միջեւ եւ կազմակերպական ջանքերը պիտի համակարգէ քաղաքին զանազան բաժանմունքներուն եւ փոխադրական ցանցերու պատասխանատուներուն հետ։ 

Այս առիթով, քաղաքապետ Քերըն Պես դրուատեց Գրիգորեանի դատելու կարողութիւնը եւ «հիմնարկային յիշողութիւնը» ու զայն նկատեց քաղաքին պատմութեան մէջ ամէնէն ազդու պաշտօնատարներէն մէկը։

Գրիգորեան յոյժ կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպման ընթացքին թափանցիկութիւն ապահովելը եւ շեշտեց, թէ ինք կը ծրագրէ այս պաշտօնին վրայ մնալ առնուազն մինչեւ Օգոստոս 2028ին տեղի ունենալիք Լոս Անճելըսի Ողիմպիական խաղերուն աւարտը։

Գրիգորեան  առաջին անգամ 2009ին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած է եւ շարք մը պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է քաղաքին կառավարութեան մէջ, ներառեալ՝ ամավարկի գրասենեակին ղեկավարի պաշտօնը, յատկապէս երբ քաղաքը շարք մը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր։

Գրիգորեան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնեց 2022ին, քաղաքին համար տագնապալի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որովհետեւ նախորդ նախագահը՝ Նուրի Մարթինեզ, պարտադրուած էր իր պաշտօնէն հրաժարելու, փոքրամասնութիւններու, ներառեալ՝ ամերիկահայերուն հասցէին ազգայնամոլ յայտարարութիւններ կատարած ըլլալուն համար։

«Ասպարէզ»ի հետ Սեպտեմբերին ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Գրիգորեան բացատրեց, թէ ինչպիսի միջոցներով ինք կրցաւ կացութեան վատթարացումը զսպել եւ վերաշահիլ քաղաքապետական խորհուրդին նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը, որ վերոյիշեալ միջադէպին կողքին, ականատես եղած էր խորհուրդի երեք այլ անդամներու հրաժարականին, զեղծարարութիւններու բացայայտումներու պատճառով։

Հարցազրոյցին ընթացքին Գրիգորեան նաեւ խօսեցաւ Հայկական Հարցը ջատագովելու նպատակով իր ջանքերուն մասին, որոնք ոչ միայն քաղաքին, այլ նաեւ նահանգային իշխանութիւններուն զօրակցութիւնը ապահովեցին, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու գծով։

Նշենք, որ Գրիգորեանի ջանքերուն շնորհիւ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը ճանաչում շնորհեց Արցախի անկախութեան, որմէ ետք նահանգային օրէնսդիր մարմինը եւս ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։ Այնուհետեւ կարելի եղաւ Շուշիի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ հաստատել «Բարեկամ քաղաք»ի յարաբերութիւնը, որուն շնորհիւ Շուշիի մէջ Բարեկամութեան հրապարակը բացուեցաւ։ Արցախի հայաթափումէն ետք, Գրիգորեան յաջողեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ «Արցախի Հանրապետութեան Հրապարակ»ը հաստատելու ծրագիրը իրականացնել, Ուիլշըր եւ Կրենվիլ թաղերու խաչմերուկին, Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին դիմաց։

Գրիգորեան նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմակերպուած «Արդարութեան քայլարշաւ»ի իրականացման մէջ։ Այդ քայլարշաւին շուրջ 160,000 անձեր իրենց մասնակցութիւնը բերին։