image

Ամերիկահայ Մայք Սարեանի նոր յաջողութիւնը

 Ամերիկահայ Մայք Սարեանի նոր յաջողութիւնը

 Սարեան, որ անհատական մակարդակի վրայ հասած է մեծ յաջողութիւններու, երբեք չէ մոռցած իր շօշափելի օժանդակութիւնը ցոյց տալ Հայաստանի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն։

 

Մեծ թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մեզմէ շատերուն ծանօթ անուն հանդիսացող ամերիկահայ գործարար-նախաձեռնող Մայք Սարեանը։

 

 Այս մասին վերահասու դարձանք Միացեալ Նահանգներէն։

 Մեր աղբիւրը կը նշէ, որ Սարեան հաստատած է իր դիրքը, որպէս Տնօրէն եւ հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ ԱՄՆ-ի մէջ գործող American Healthcare systems՝ AHS  անունը կրող առողջապահական ընկերութեան։

 Նոյն ընկերութեան հովանիին ներքոյ կը գործեն երկու հիւանդանոցներ 

 Առաջինը ՝ «Ռանտոլֆ Հէլթ» Հիւսիսային Քարոլայնա (Randolph Health, North Carolina)  նահանգին մէջ, իսկ երկրորդը «Սէնթրըլ Սիթի Հոսբիթըլ» Միսուրի նահանգին (Central City hospital, St Louis Missouri) մէջ։

 

Նոյն կազմակերպութեան հովանիին ներքոյ կը գործեն հարիւրէ աւելի բժշկակական կէտեր ու կը սպասուի նաեւ, որ նոյն ծիրին մէջ կազմակերպութիւնը ունենայ մեծ հիւանդանոց մը Գալիֆորնիա հայահոծ նահանգին մէջ։

 

 Սարեան, որ անհատական մակարդակի վրայ հասած է մեծ յաջողութիւններու, երբեք չէ մոռցած իր շօշափելի օժանդակութիւնը ցոյց տալ Հայաստանի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն։

 

 Նոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։