image

Ամերիկացի յատուկ բանագնացին Պաքու ժամանումը համակարգուած քայլ էր

Ամերիկացի յատուկ բանագնացին Պաքու  ժամանումը համակարգուած  քայլ էր

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ութքոֆն ուրբաթ առաւօտեան Մոսկուա կատարած գիշերային այցէն ետք վայրէջք կատարած է Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ, որ, կը թուի, լաւ համակարգուած դիւանագիտական ​​քայլ է Իսրայէլի, ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այդ մասին գրած է իսրայէլեան The Jerusalem Post պարբրականը։

«Ըստ ռուսական РИА Новости պաշտօնական լրատուական գործակալութեան հաղորդման՝ Ուիթքոֆի օդանաւը օդ բարձրացած է Մոսկուայի «Վնուքովո» օդակայանէն մօտ 02։00-ին եւ քանի մը ժամ անց ժամանած է Պաքու։

Իսրայէլա-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ ներգրաւուած աղբիւրները նշած են, որ այցի համակարգումը յատկապէս աշխուժացած է մարտ 5-էն ետք, երբ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Քնեսեթի մէջ շեշտեց իր հաւատարմութիւնը երկիրներու միջեւ եռակողմ գործընկերութեան:

Միեւնոյն ժամանակ, աւագ ռապպիներու նամակը նախագահ Թրամփին, որ կոչ կ՚ընէր ընդլայնելու Աբրահամի համաձայնութիւնները եւ ամրապնդելու Իսրայէլի, ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական դաշինքը, զգալի արձագանգ առաջացուցած է քաղաքական եւ դիւանագիտական ​​միջանցքներու մէջ: Նամակն ուղղակիօրէն ազդած է Պաքու այցի նախապատրաստման վրայ։

Դիւանագիտական ​​հանրութիւնն ուշադրութեամբ կը հետեւի Պաքուի իրադարձութիւններուն՝ սպասելով տեսնելու, թէ ինչպէս կը զարգանան երկիրներու միջեւ եռակողմ յարաբերութիւնները, եւ արդեօ՞ք Ատրպէյճանն իսկապէս կը կատարէ իրմէ ակնկալուող կեդրոնական միջնորդ դերը»,- գրած է պարբերականը։