Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ, մարտ 31-ին, ամերիկացի կին լրագրող առեւանգուած է։ Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters-ը, այս մասին յայտնած են երկու ոստիկաններ՝ նշելով, որ ներկայիս կ՚ընթանան լրագրողի որոնողական աշխատանքները։
Իրաքի Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է կին լրագրողի առեւանգումը, սակայն չէ բացայայտած անոր ազգութիւնը։ Նախարարութիւնը յայտնած է, որ մէկ կասկածեալ ձերբակալուած է, իսկ լրագրողը ազատելու աշխատանքները կը շարունակուին։
Ոստիկանութեան աշխատակիցները, որոնք հրաժարած են իրենց անունները հրապարակելէ, աւելի ուշ զոհը նոյնականացուցած են որպէս Շելլի Քիթլսըն։
AL-Monitor կայքը հաղորդած է, որ Քիթլսըն Հռոմի մէջ բնակող ամերիկացի լրագրող է, որ լուսաբանած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած քանի մը պատերազմներ եւ իրենց համար յօդուածներ գրած է։
Միացեալ Նահանգներու Արտաքոն գործոց նախարարութեան պաշտօնեան ըսած է, որ իրենք տեղեակ են Պաղտատի մէջ ամերիկացի լրագրողի առեւանգման մասին։ «Արտաքոն գործոց նախարարութիւնը նախապէս իր պարտականութիւնը կատարած է՝ զգուշացնելով այս անձը իր դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն մասին։ Մենք պիտի շարունակենք համակարգել աշխատանքները Դաշնային Հետախուզութեան Բիւրոյի հետ՝ անոր ազատ արձակումը կարելի եղածին չափ շուտ ապահովելու համար»,– գրած է Արտաքոն գործոց նախարարի օգնական Տիլըն Ճոնսըն՝ X-ի վրայ՝ առանց նշելու առեւանգուած լրագրողի անունը։
Ճոնսըն նաեւ յիշեցուցած է, որ ամերիկացիներուն խորհուրդ կը տրուի չմեկնիլ Իրաք։
Ոստիկանութեան պաշտօնեաները յայտնած են, որ Քիթլսընը առեւանգուած է քաղաքացիական հագուստով չորս տղամարդոց կողմէ՝ զայն ուժով մեքենայի մէջ նստեցնելով։