Ի՞նչ փուլ կը մտնէ այսօր իր 24-րդ օրը թեւակոխած պատերազմը։
Ու ամենակարեւորը ռազմական գործողութիւնները ինչու կը յապաղին։
Կա՞ր այլ ձեւ մը, այլ խաղաոճ մը, որուն շնորհիւ ԱՄՆ պիտի կարողանար, աւելի արդար, աւելի ժողովրդավար (այո եւ Արեւմուտքի բացառիկ տարտը՝ սուտ ժողովրդավարութիւնն է) երկիրներ կերտել։ Այո, կար։ Սակայն ԱՄՆ նախընտրեց հրահրել ամենարիւնալի ընդհարումները, միշտ զանոնք «պարուերել»ով կրօնական, դաւանային, գաղափարական տարակարծութիւններով եւ առաջ քալելով ( կամ կարծելով, որ դէպի առաջ կը տանի իր հիւանդկախ մօտեցումները) կրակի տուաւ Պաղտատը, Դամասկոսը, Հալէպը, Հոմս, Համան եւ այլ քաղաքներ, իսկ մինչ այդ Պէյրութը վերածելով քաղաքական պարանաձգութեանց իրական տարրալուծարանի մը։
Ի՞նչ փուլ կը մտնէ այսօր իր 24-րդ օրը թեւակոխած պատերազմը։
Ու ամենակարեւորը ռազմական գործողութիւնները ինչու կը յապաղին։
Եթէ նպատակը արագօրէն մայրաքաղաք Քիէւը տիրապետութեան տակ առնելն էր, ապա այսօր բաց կերպով պէտք է ըսել, որ պատերազմի առաջին փուլը ի նպաստ ռուսներուն չէ։
Ճիշդ է, որ Ռուսաստան պիտի չընդունի, որ իր ռազմական կարողականութեան առընթեր եղած են սխալ հաշուարկներ, բայց եւ այդ սխալները, կամ վրիպումները ոչ մէկ կերպ վնաս պիտի տան իր հաստատակամութեան գագաթնակէտին մնացող Ռուսաց նախագահ Վլատիմիր Փութինին։
Ինչպէս ուրբաթ օրուայ նիւթիս մէջ ալ գրած էի, այն ինչոր կը կատարուի Ռուսական ուժերուն կողմէ «այրած գետին»ներու ռազմավարութեան իրականացնումն է։ Այլ խօսքով տալ ուժգին եւ նոյնիսկ կատաղի հարուածներ, որոնց շնորհիւ ալ պիտի վերջնականօրէն քայքայուի Ուքրանիոյ կանոնական բանակը, որն արդէն կրած է մեծագոյն վնասներ։
Փակագիծ մը բանալով, այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ 2003 թուականին երբ Միացեալ Նահանգներ Իրաքը գրաւելու եւ Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը իր աթոռէն վար առնելու ծրագրի գործադրութեան համար ունէր ամբողջ աշխարհի նեցուկը։ Այդ նեցուկը, միայն բարոյական աջակցութիւն մը չէր, այլ տասնեակ երկիրներ միացած էին ԱՄՆ-ին միասնաբար իրականացնելու իրենց «միսիան»։ Այդ օրերուն էր նաեւ Ամերիկեան հովանիով դէպի Պաղտատ «արշաւող» ուժերէն պահանջուեցաւ 26 օր, որմէ ետք ալ անոնք չկարողացան այդ երկիրը իր ամբողջութեանը մէջ առնել իրենց ձեռքերուն մէջ։
Ուքրանիոյ այս պատերազմի պարագային պատկերը բոլորովին տարբեր է, այն իմաստով, որ Տոնպասի շրջանը «նացիստ» եւ ազգայնամոլ տարրերէ «մաքրելու» Ռուսաստանի նախագահ Վ. Փութինի որոշումը, կարծես թէ գործի դրուեցաւ, բաւականին բարդ եւ նոյնիսկ «ստիպուածութեան» մը լոյսին տակ։
Ռուսաստան, այո ծանր հարուածներ կու տայ Ուքրանիոյ եւ հիմնայատակ կերպով հարուածէ անոր գլխաւոր եւ կեդրոնական քաղաքները, սակայն այդ մէկը կ՚ընէ առանձինն ու պարագայի մը, երբ Արեւմտեան Պլոքի գրեթէ բոլոր աշխոյժ երկիրները կը մասնակցին (անուղակիօրէն) այս պատերազմին ու միջնորդաւորուած այս պայքարին մէջ մտած են ընկճելու, թուլացնելու եւ ետ մղելու համար Փութինի հին-նոր ծրագիրը, որն է ունենալ նոր հզօր Ռուսաստան մը ու այդպիսով ալ կոտրել միաբեւեռ աշխարհի մը սեւ ուրուականը։
Այն ուրուականը, որուն ակնարկեցի հաւանաբար ձեզմէ շատերուն համար կարեւոր դրոյթ մը չէ, տրուած ըլլալով, որ անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին, իմ հայրենակիցներէս շատ-շատերը հեռուէն դիտեցին, ու հեռատեսիլներու պաստառներէն միայն իմացան, թէ ինչպիսի սխալ քաղաքականութիւններու հետեւանքով արեան գետերու «գերին» դարձաւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը։
Կա՞ր այլ ձեւ մը, այլ խաղաոճ մը, որուն շնորհիւ ԱՄՆ պիտի կարողանար, աւելի արդար, աւելի ժողովրդավար (այո եւ Արեւմուտքի բացառիկ տարտը՝ սուտ ժողովրդավարութիւնն է) երկիրներ կերտել։ Այո, կար։ Սակայն ԱՄՆ նախընտրեց հրահրել ամենարիւնալի ընդհարումները, միշտ զանոնք «պարուերել»ով կրօնական, դաւանային, գաղափարական տարակարծութիւններով եւ առաջ քալելով ( կամ կարծելով, որ դէպի առաջ կը տանի իր հիւանդկախ մօտեցումները) կրակի տուաւ Պաղտատը, Դամասկոսը, Հալէպը, Հոմս, Համան եւ այլ քաղաքներ, իսկ մինչ այդ Պէյրութը վերածելով քաղաքական պարանաձգութեանց իրական տարրալուծարանի մը։
Այս բոլորը անշուշտ չերեւիր անոնց աչքին, որոնք կը հաւատան Արեւմուտքին, ընդունած են անոր կողմէ չափուած-ձեւուած «նոր աշխարհակարգ» կոչուածը ու նաեւ հեզ ու ճկուն կերպով յարմարուած են վերջին տարիներուն ստեղծուած իրավիճակով։
Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, եթէ կարկինը լայն բանանք, ու նաեւ այս պատկերին մէջ տեղադրենք Ռուսաստանի կողմէ մշակուած ու ապա գործադրութեան դրուած աշխարհի «մեծ քաղաքականութեան» մէջ տեղ, ըսելիք ու նաեւ դեր ունենալու ընդհանուր վարկածը, ապա այդ ժամանակ աւելի քան յստակ պիտի դառնայ «Ինչո՞ւ Փութին այս պատերազմը սկսաւ» մեծ հարցումին պատասխանը։
Ճիշդ է, որ Ռուսաստան, առնուազն մեզմէ շատերու պատկերացումներուն մէջ, մինչեւ հիմա պէտք է աւարտած ըլլար պատերազմի այս փուլը, սակայն նոյն առումով արդէն իսկ յայտնի, որ դարձեալ մեզմէ շատ-շատեր սխալ հաշուարկած են Ուքրանիոյ ունեցած դիմադրական ուժը, անոր կռուելու կամքը ու մանաւանդ Արեւմուտքի կողմէն այդ երկրին ցուցաբերուած ռազմական օժանդակութեան արդիւնաւէտութիւնը, որ այսօր ռազմերէն արդէն 24 օր ետք ջուրի երես կը հանէ, որ Մոսկուան այդքան ալ ճշգրիտ չէր իր հաշուարկներուն մէջ։
Ճիշդ է, որ ի վերջոյ Ռուսական զօրքերը պիտի կարողանան որոշակի առաւելութիւն մը ձեռք ձգել ու գրաւել Քիէւը, կամ նոյնիսկ նստիլ բանակցութեանց սեղանի, սակայն նաեւ յստակ է, որ անոնք այս պատերազմէն դուրս պիտի գան ծանր կորուստներով։
Տնտեսական պայքարը, պատիժները, ամպարկոն պիտի շարունակուին եւ Մոսկուա, որ հաւանաբար կրնայ յաջողիլ իր դիմակայութեան մէջ, իր վրայ «նետուած» պատիժներուն ազդեցութեան գօտին պիտի պարզէ շատ աւելի մեծ տեսադաշտի մը վրայ, որմէ կրնան տուժել աշխարհի մեծաթիւ երկիրներ։
Էական հարցումը, որ այսօր լսելի կը դառնայ, որ այսքան խճճուած պատկերին մէջ, ինչպիսի անորոշ, ինչպիսի ոչ վճռական եւ ինչպիսի հեղհեղուկ յայտարարութիւններ կը կատարեն Ուքրանացիք, որոնց դիմադրութիւնը կը շարունակուի, բայց եւ այնպէս կը շարունակուի անոնց գեղեցիկ երկրին կործանումը։
Քանի մը ամիս առաջ Զէլէնսքի, որ ողնուծուծով ինքզինք կը համարէր ՆԱԹՕ-ի «նուիրեալ» երկիր, այսօր այս մեծ քանդումներէն ետք, սկսած է յայտարարել, որ իրենց համար այլեւս այդքան ալ կարեւոր չէ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը։
Եւ եթէ իրապէս այդպէս է, ապա ուր է այս «խոհեմութիւն»ը պատերազմի փուլէն ճիշդ առաջ եւ ինչքան անիմաստ է այս բոլորը ի տես մարդկային մեծ ողբերգութեանց, որուն ականատես կ՚ըլլայ ամբողջ աշխարհը։
Աւարտելու համար այսօրուան սիւնակս հարկ կը համարեմ յիշեցնել, որ այսօր տեղի ունեցող զարգացումներուն մէջ կարեւոր եւ ուղենշային պիտի դառնայ Չինաստանի կեցուածքը, որ իրեն յատուկ համբերութեամբ եւ խոհուն լռութեամբ կը հետեւի դէպքերու ընթացքին։
Չինաստանի կեցուածքը, կամ Ռուսաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելու ցանկացած քայլ պիտի ունենայ բեկումնային հետեւանքներ, թէ պատերազմի ընթացքին, թէ աշխարհի մէջ նոր իրավիճակ ստեղծելուն, թէ ալ Չին-ամերիկեան նոր լարուածութիւն եւ կամ մասնակի ճակատում մը յառաջ բերելուն մէջ։
Սպասենք։
Սագօ Արեան