image

ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Թեմի Ազգային Վարչութեան յանձնախումբերու հանդիպումը (Լուսանկարներ)

   ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Թեմի Ազգային Վարչութեան յանձնախումբերու հանդիպումը (Լուսանկարներ)

 

 Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի մարմինները  նոր եռանդով լծուած են գործի դիմաւորելով 2022-2023 տարեշրջանը։

 Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի ձեռներէց եւ հայրական օրհնութեամբ առաջնորդուող մարմինները օրերս գումարած են Թեմի Ազգային Վարչութեան յանձնախումբերու ժողով մը, որուն մասին ալ կը կարդանք Թեմի դիմատետրեան էջէն 

 

Շաբաթ 1 Հոկտեմբեր 2022-ին, թեմիս առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ իրենց գործունէութիւնը ծաւալող յանձնախումբերը, Ազգային Վարչութեան կողմէ հրաւիրուած էին մտերմիկ ընթրիքի, Millenium Airport հիւրանոցի, Algarhood դահլիճէն ներս։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ` Բժշկ. Ցոլակ Պասմաճեան, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց աշխատանքին համար, այնուհետև հրաւիրեց Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ՝ Պրն. Սեպուհ Մանճիկեանը, ան անդրադարձաւ գալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն, շեշտելով գաղութի բոլոր անդամներուն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, այդ ընտրութիւններուն։

Ներկաներուն իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ան իր խօսքին մէջ շեշտեց իւրաքանչիւր կամաւոր անդամի կատարած աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը, և անոնց դերը գաղութի եւ առաջնորդարանի գոյատեւման համար։ Ընթրիքի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին գաղութի տաղանդաւոր երիտասարդներէն` Տիկ. Մէյրի Պէքարեան-Գրատեան, օրդ. Նաթալի Պաղտոյեան եւ Պրն. Յակոբ Շառոյեան ասմունքով և երգերով։ 

Երեկոյի ընթացքին մարդահամարի յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ Տիկին Քրիստին Թոսունեան, բացատրելով մարդահամարի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը գաղութէն ներս գտնուող բոլոր հայերուն համար, եւ խնդրեց մեր ծանօթներուն քաջալերել, եւ ապահովել անոնց մասնակցութիւնը։

Երեկոյի աւարտին, ներկաները՝ դպրաց դասի առաջնորդութեամբ կատարեցին քանի մը հայրենասիրական երգեր։