Վրէժ Արմէն Արթինեան կը գրէ «Յունուար 6-ը կը զուգադիպի «Կիլիկեան իշխան» շքանշանակիր պ. Վարդգէս Սարաֆեանի ծննդեան օրուան։ Այդ առթիւ յատուկ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած 13 ազգայիններէ, պատարագէն ետք այցելեց ազգային բարերարին՝ շնորհաւորելու Ամանորն ու Սուրբ ծնունդը ե՛ւ իր տարեդարձը, քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթելու իրեն ու շնորհակալութիւն յայտնելու իր կատարած բարի գործերուն համար։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Գանատայի հայոց թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմին մեծամասնութիւնը, Հայ կեդրոնի տնօրէն պ. Վիգէն Յովսէփեան, օրուան հանդիսավարութիւնը ստանձնած՝ Վ. եւ Ա. Սարաֆեան հիմնադրամի քարտուղար պ. Յակոբ Պուլկարեան եւ տողերս գրողը։
Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Տէր Մեղրիկ եպ. Բարիքեան կը բացակայէր քաղաքէս, ուստի իր օրհնութեան ու շնորհաւորութեան յատուկ գիրը կարդաց Տէր Գառնիկը։ Այնտեղ ի միջի այլոց կ՚ըսուէր՝ «Հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, դուք ձեր բարերարութեամբ մնացիք մի՛շտ սիրելի, որովհետեւ հայութեան անդաստանները ծաղկեցուցիք»։ Ապա Սրբազանը կ՚աւելցնէր՝ «յանուն Գանատայի Հայոց թեմին ու անձնապէս, խոնարհելով ձեր ծառայութեան աստուածատո՛ւր շնորհքին առջեւ, սոյն Գնահատագրով՝ որպէս երախտագիրութիւն, կը շնորհաւորենք ձեր տարեդարձը եւ կը մաղթենք, որ Աստուած ձեզի շնորհէ առողջ ու երկնային շնորհներով ծաղկուն կեանք»։
Վրէժ-Արմէն Արթինեան կարդաց պ. Սարաֆեանի համապարփակ կենսագրութիւնը, ներկայացնելով իր կեանքի զանազան փուլերը, կատարած բարերարութիւնները, ստացած գնահատանքները։ Նշուեցաւ որ, երբ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի նախակրթարանը կոչուեցաւ Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան ամոլին անունով, Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսը դիտել կու տար, թէ «Դուք ձեր կեանքին ընթացքին կը վայելէք այս երախաներուն դէմքի ժպիտը, որ մեր ազգի վերածնութեան ցոլքն է դէպի փայլուն ապագան...»։
Հոգաբարձութեան կողմէ խօսք առաւ տիկ. Նուշիկ Էլոյեան ու դրուատեց պ. Սարաֆեանը որպէս ամբողջ կեանք մը ազգին օգտակար հանդիսացած բարերար մը, համազգայի՛ն առումով՝ առանց խտրութիւն դնելու կողմերու միջեւ։ «Դուք միշտ կիրքով ու կորովով պաշտպան կանգնած էք մեր ժողովուրդի արժէքներուն եւ իրաւունքներուն, մնացեալը պարզապէս առիթներ կամ պատրուակներ եղած են դրսեւորելու համար ձեր անվերապահ հաւատքը հայութեան, նոր սերունդին, հայ դպրոցին, հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին հանդէպ. Իսկ ատիկա տոլարներով չի հաշւուիր», ըսաւ ան։
Պ. Սարաֆեան զանազան յիշատակելի դրուագներ պատմեց իր կեանքէն ապա իր շնորհակալութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնեց, հաւաստիացնելով, թէ Սուրբ Յակոբի համայնքը միշտ իր հետ եղած էր, եւ թէ կապերը այնքան սերտ էին, որ կարելի չէր անջատել զինք այս համայնքէն։
Կարկանդակ, մոմեր, կենացներ՝ ոչինչ կը պակսէր։
Տէր հօր տնօրհնէքի արարողութեամբ ու պահպանիչով փակուեցաւ այս յիշարժան յետմիջօրէն։
Աւելցնենք, որ յաջորդ օրը Մեղրիկ սրբազանը, ընկերակցութեամբ պ. Յակոբ Պուլկարեանին, ինք եւս այցելած է պ. Սարաֆեանին, որ յուզումով վերյիշած է նախորդ օրուան տօնախմբումը եւ զգացած անհուն հրճուանքն ու հոգեկան բաւարարութիւնը»։