image

Նաթանիահուն մտադիր է գրաւել ամբողջ Կազան 

Նաթանիահուն մտադիր է գրաւել ամբողջ Կազան 

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ծրագիր մը մշակած է՝ Կազայի գօտիի ամբողջական գրաւման նպատակով, եւ այդ ուղղութեամբ արդէն հրաման տուած է բանակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Bild-ը՝ յղում ընելով իսրայէլեան Jerusalem Post-ին եւ Channel 12-ին։

Ներկայիս, պաղեստինեան «Համաս» շարժումը կը վերահսկէ Կազայի տարածքի մօտաւորապէս 25 տոկոսը։ Ըստ Jerusalem Post-ի, Իսրայէլի յառաջիկայ ռազմական գործողութիւններու հիմնական ուղղութիւնը կեդրոնացած է այն շրջաններուն վրայ, ուր կրնան իսրայէլցի պատանդներ պահուիլ։

Channel 12-ը X հարթակին վրայ հրապարակուած լուրին մէջ մէջբերած է իր քաղաքական լրագրող Ամիտ Սեհկալին, որ յղում կատարած է կառավարութեան բարձրագոյն շրջանակներու աղբիւրներուն. «Որոշումը կայացուած է․ մենք պիտի գրաւենք Կազայի հատուածը։ Հակառակ պարագային, պատանդները պիտի մահանան սովէն, իսկ Կազան պիտի մնայ «Համաս»-ի իշխանութեան տակ»։

Նոյն աղբիւրներու համաձայն՝ առանց «Համաս»-ի ամբողջական յանձնման, մնացած պատանդներու ազատ արձակումը անհնարին պիտի ըլլայ։

Ըստ մամուլի տեղեկութիւններուն՝ Նաթանիահուն ձեւակերպած է իր երեք հիմնական նպատակները՝ «Համաս»-ի ռազմական պարտութեան հասնիլ, բոլոր պատանդներու վերադարձ, Կազայի գօտիէն բխող սպառնալիքի երկարաժամկէտ վերացում Իսրայէլի համար։

Գլխաւոր շտապի պետ Էյալ Զամիր, ըստ անոր գրասենեակին յայտարարութեան, Նաթանիահուին ըսած է, որ կամ պիտի իրականացնէ ծրագիրը, կամ «հրաժարական պիտի տայ»։