Առողջապահութեան խումբ մը փորձագէտներ կ'ակնկալեն, որ Գորոնա ժահրով վարակումի դէպքերը ամբողջ աշխարհի մէջ աւելնան, բայց անոնցմէ շատերը պիտի ունենան մեղմ ախտանշաններ:
Փորձագէտները նշած են, որ, հաշուի առնելով ժամանակի ընթացքին պատուաստանիւթերու արդիւնաւէտութեան անկումը, ինչպէս նաեւ ժահրի «Տելթա» շտամի՝ մեծ արագութեամբ փոխանցուելու ունակութիւնը, եւ երկու դեղաչափ պատուաստանիւթ ստանալէ ետք դիմակի գործածութենէն հրաժարիլը, կ'ակնկալուի որ յառաջիկայ ամիսներուն վարակը զգալիօրէն աճի, բայց դէպքերուն մեծ մասը պիտի ըլլան մեղմ, եւ ոմանք՝ նոյնիսկ առանց ախտանշաններու:
Այնուամենայնիւ, ուսումնասիրութիւնները կ'ընդգծեն, որ պատուաստանիւթերը դեռեւս զգալի պաշտպանութիւն կ'ապահովեն հիւանդութեան ծանր հետեւանքներէն, ինչպիսիք են հիւանդանոցային պարագաները եւ մահը: Հետեւաբար, կը շեշտուի պատուաստուելու անհրաժեշտութիւնը՝ վարակումը թեթեւ անցընելու համար:
«Եթէ անձրեւին տակ կանգնիս եւ հովանոց ունենաս, չես թրջուիր: Բայց եթէ անձրեւը սաստկանայ ու փոթորիկի վերածուի, կը թրջուիս, նոյնիսկ եթէ հովանոց ունիս: Այս չի նշանակում, որ հովանոցը չի պատշպաներ, այլ՝ փոթորիկը ուժեղ է: Այս է որ տեղի կ'ունենայ պատուաստանիւթերու արդիւնաւէտութեան հետ՝ «Տելթա» շտամի ի յայտ գալով», կ'ըսեն բժիշկները, կոչ ուղղելով հետեւելու հակահամաճարակային կանոններուն: