Այս առանցքը կրնայ մարտավարական ըլլալ: Յայտնի է Թուրքիոյ ներքին թշնամութիւնը Արեւմուտքի նկատմամբ: Սակայն, ինչպէս Սատաթի 1972 թուականի յիշարժան որոշման պարագային, Էրտողանի շարունակական առանցքը կրնայ դիմանալ: Եթէ այդ աւելի շատ արեւմտեան ներդրումներ բերէ, ան եւ իր անձնակազմը կրնան չափազանց գայթակղիչ համարել Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնը:
Թուրք ընդդիմադիր լրագրող Թիմուր Քուրան կը գրէ՝
Էրտողանի գլխապտոյտ պատճառող քայլերը, Թուրքիան վերադարձնելու արեւմուտքի գիրկ, զիս կը յիշեցնեն 1972 թուականի ամրան Եգիպսոսի նախագահ՝Անուար Սատաթի Խորհրդային զօրքերու Եգիպտոսէն դուրս բերելու մասին որոշումը։
Չեմ զարմանար, եթէ Փութին չեղարկէ իր այցը Թուրքիա: 72 ժամուան ընթացքին Էրտողան հաւանութիւն տուած է Ուքրանիոյ անդամակցութեան ՆԱԹՕ-ին: Զելենսքիին թոյլ տուած է տուն տանիլ «Ազովի հրամանատարներ»ը (Ռուսիոյ վստահեցնելէն յետոյ, որ անոնք պիտի մնան Թուրքիոյ մէջ): Հանած է իր առարկութիւնը ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան դէմ: Լիազօրած է Ֆրանսան վերահսկելու իր նորակերտ միջուկային հակազդողը (reactor), որ Ռուսիա կը կառուցէ Թուրքիոյ մէջ: Եւ, ամենազարմանալին, խնդրած է վերսկսիլ ԵՄ-ի անդամակցութեան բանակցութիւնները:

Թիմուր Քուրան