Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է թուրք գործընկերոջ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ յղում ընելով ատրպէյճանցի նախագահի մամլոյ ծառայութեան:
«Երկիրներու ղեկավարները քննարկած են Աղտամի մէջ ռուս-թրքական մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնի մօտ ապագային գործունէութիւնը, ընդգծելով, որ կեդրոնի աշխատանքը կը ծառայէ երկարատեւ խաղաղութեան պահպանման գործին»- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ալիեւ տեղեկացուցած է Էրտողանին վերակառուցման աշխատանքներու մասին, որոնք կ'իրականացուին Լեռնային Ղարաբաղի՝ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն վրայ:
Թուրքիոյ նախագահ ընդգծած է, որ իր երկիրը հետագային եւս կ'աջակցի Ատրպէյճանին:
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն նախօրէին յայտարարած էր, որ ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնէն ներս 60-ական զինուորներ կը ծառայեն Ռուսաստանէն եւ Թուրքիայէն: